– Չելսի – Լիվըրփուլ` 1-1.
– Մխիթարեանի Խումբը` Արսենալ Յաղթական
Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր-լիկ»-ի 7-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ տեղի ունեցած Չելսի – Լիվըրփուլ ճակատումը աւարտեցաւ 1-1 հաւասարութեամբ:
Տանիել Սթարիճ իր կազմը փրկեց պարտութենէ մը, երբ մրցումին վերջին վայրկեանին նշանակեց Լիվըրփուլի հաւասարութեան կոլը: Մրցումին 25-րդ վայրկեանին, Էտեն Հազար նշանակեց Չելսիի կոլը:
Իր արձանագրած այս հաւասարութենէն ետք, թէեւ Լիվըրփուլ Մանչեսթըր Սիթիի եւ Չելսիի նման մնաց ցարդ անպարտելի երրորդ խումբը, սակայն նահանջեց 2-րդ դիրք` նկատի ունենալով, որ Սիթի գրաւեց պարագլուխի դիրքը (կոլ-էվըրէյճի առաւելութեամբ)` 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Պրայթընի: Ռահիմ Սթերլինկ (29-րդ) եւ Սերճիօ Ակուերօ (65-րդ) նշանակեցին Սիթիի կոլերը:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի կազմը` Արսենալ, 2-0 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Ուաթֆորտին: Մխիթարեան այս մրցումին չմասնակցեցաւ:
Շարունակելով իր ոչ համոզիչ ելոյթներու շարքը` Մանչեսթըր Եունայթըտ կրեց տարեշրջանի իր երրորդ պարտութիւնը, այս անգամ` Ուեսթ Համէն, 3-1 արդիւնքով:
Եունայթըտ այժմ ունի միայն 10 կէտ (առաւելագոյն 21 կէտէն):



