Պաքուի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ժիւտոյի ախոյեանութեան, Ռուսիոյ հաւաքականին մաս կազմող Անժելա Գասպարեան տիրացաւ պրոնզ մետալին:
22 տարեկան Գասպարեան առաջին անգամ ըլլալով հանդէս կու գայ Ռուսիոյ մեծերու հաւաքականէն:
Խմբային ախոյեանութեան, Ռուսիոյ կազմը յաղթեց Ղազախստանին, Անգլիոյ եւ Գերմանիոյ` հասնելով կիսաւարտականին, ուր պարտուեցաւ Ֆրանսայէն:
Պրոնզէ մետալին համար իր մղած պայքարին, Ռուսիա յաղթեց Ազրպէյճանին:
Գասպարեան հանդէս եկաւ 70 քկ դասակարգի մրցումներուն:



