Օգտուելով Պայէրն Միւնիխի կրած պարտութենէն` Հերթա Պերլինէն (2-0 արդիւնքով) եւ 4-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք Պայէր Լեւերքուզընի դաշտին վրայ, Պորուսիա Տորթմունտ յաջողեցաւ գրաւել «Պունտըսլիկա»-ի դասաւորման` առաջին դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 14 կէտ:
Պայէրն եւ Հերթա ունին 13-ական կէտ:
6-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, Հերթա նշանակեց 2 արագ կոլեր` Ա. կիսախաղին, իր հիւրին` Պայէրնի դէմ:
Գրեթէ նոյնը պիտի պատահէր, երբ Լեւերքուզըն իր կարգին իր նշանակած 2 կոլերուն շնորհիւ Ա. կիսախաղին գերազանցեց Տորթմունտին:
Բայց հիւր կազմը նշանակեց չորս կոլ: Այսպիսով, Տորթմունտ կը մնայ ցարդ անպարտելի միակ խումբը` «Պունտըսլիկա»-ի մէջ:
Փաքօ Ալքասեր նշանակեց Տորթմունտի չորս կոլերէն երկուքը:



