Մարզական

«Չեմփիընզ Լիկ».  Այաքս Ամսթերտամ, Ռէալ Մատրիտ Եւ Ա. Էս. Ռոմա Եւ Ուրիշներ Ապահովեցին Փլէյ-Օֆի Մրցումներուն Իրենց Տոմսերը

«Չեմփիընզ Լիկ». Այաքս Ամսթերտամ, Ռէալ Մատրիտ Եւ Ա. Էս. Ռոմա Եւ Ուրիշներ Ապահովեցին Փլէյ-Օֆի Մրցումներուն Իրենց Տոմսերը

Երէկ գիշեր «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ տեղի ունեցան 5-րդ հանգրուանի մրցումները: Ե. խմբակին մէջ հոլանտական Այաքս Ամսթերտամ Յունաստանի մէջ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց «ԱԷՔ» Աթէնքը եւ 11 կէտով ապահովեց յաջորդ հանգրուանի` փլէյ-օֆի մրցումներուն իր տոմսը: 2005-2006 տարեշրջանէն ի վեր Այաքս չէր կրցած հասնիլ փլէյ-օֆին: Հոլանտական կազմին կոլերը նշանակեց Տուան Թատիչ: Նոյն խմբակին մէջ, Պայէրն Միւնիխ 5-1 արդիւնքով յաղթեց...

Պաուշրիէ Ակումբի Ընտրութիւններ.  Ժան-Պարպար Ապու Ժաուտէ Ընտրուեցաւ Նախագահ

Պաուշրիէ Ակումբի Ընտրութիւններ. Ժան-Պարպար Ապու Ժաուտէ Ընտրուեցաւ Նախագահ

Երկուշաբթի, 26 նոյեմբեր 2018-ին, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամի հրապարակեց յատուկ շրջաբերական մը, որուն մէջ նշուեցաւ Պաուշրիէ ակումբի ընտրութիւններուն բարեփոխուած արդիւնքը: Նոր ընտրուած վարչութեան անդամները իրենց պաշտօնին վրայ պիտի մնան մինչեւ 16 հոկտեմբեր 2019: Ստորեւ` Պաուշրիէ ակումբին վարչութեան անդամներուն կազմը. Ժան-Պարպար Ապու Ժաուտէ (նախագահ), Ժան-Օկիւսթ Պախոս (փոխնախագահ), Ռաֆիք Մոհամետ Արիպի (ընդհանուր քարտուղար), Պասքալ Ֆարես Քասուֆ (գանձապահ),...

Քոնկ Ֆու-Ուու Շու. Շեպիպեթ Շիահ Հանդիսացաւ Առաջին

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնին, Շեպիպեթ Շիահի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ 18 տարեկանէն վեր Լիբանանի Քինտայի ախոյեանութիւնը, որ կը հանդիսանայ 2018-2019 տարեշրջանի առաջին հանգրուանը: Առաջին դիրքը գրաւեց հիւրընկալ ակումբը` Շեպիպեթ Շիահ, որ ապահովեց 48 կէտ: Երկրորդ հանդիսացաւ Պետական անվտանգութեան ուժերու կառոյցի խումբը, որ ապահովեց 34 կէտ: Իսկ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Սանթրալ Ժունիէ (15 կէտ): Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ...

Տրոկպա Աւարտեց Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Լոնտոնեան Չելսիի եւ Փղոսկրեայ Ափունքի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին ֆութպոլիստ Տիտիէ Տրոկպա նախանցեալ օր իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին եկաւ վերջ մը դնելու ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին: 40 տարեկան Տրոկպա չորս անգամ հանդիսացաւ «Փրեմիեր լիկ»-ի ախոյեան, իսկ մէկ անգամ ալ` «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքի տիտղոսակիր:  

Նէյմար Պիտի Բացակայի Լիվըրփուլի Դէմ Տեղի Ունենալիք Մրցումէն. Մպափէի Մասնակցութիւնը` Կասկածելի

28 նոյեմբերին Փարիզ Սեն Ժերմեն իր դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Լիվըրփուլը` «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ: «Լա Կազեթթա Տելլօ Սփոր» կը յայտնէ, որ ֆրանսական կազմի պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար, որ վիրաւոր է, պիտի բացակայի այդ մրցումէն` նկատի ունենալով, որ անոր ապաքինման համար կը պահանջուի շուրջ 2 շաբաթ: Իսկ ֆրանսացի յառաջապահ Քիլիան Մպափէի մասնակցութիւնը եւս կասկածելի է այդ մրցումին: 2 ֆութպոլիստներն...

Սուարեզ Շուրջ 2 Շաբաթով Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

Պարսելոնայի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբին յառաջապահներէն Լուիս Սուարեզ, որ նախորդ շաբաթավերջին Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ տեղի ունեցած «Լա լիկա»-ի մրցումին ընթացքին (1-1) վիրաւորուեցաւ, երկու շաբաթով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն: Պարսելոնա «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ այսօր հիւրը պիտի ըլլայ հոլանտական «ՓՍՎ» Այնտհովընին: Պարսելոնայէն բացակայ են նաեւ Ռաֆինիա եւ Սերճի Ռոպերթօ: Այս տարեշրջանին Սուարեզ Պարսայի հետ իր կատարած 18 մրցումներուն...

«Ֆորմիւլա-1». Ախոյեան Լուիս Հեմիլթըն Տարեշրջանը Աւարտեց Այլ Յաղթանակով Մը

Նախորդ շաբաթավերջին իր լրումին հասաւ «Ֆորմիւլա-1»-ի 2018-ի աշխարհի ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցաւ տարեշրջանի վերջին կրան փրին` Ապու Տապիի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ): Ախոյեանութեան տիտղոսը ժամանակէն բաւական շուտ ապահոված անգլիացի Լուիս Հեմիլթըն («Մերսետես») այլ յաղթանակ մը եւս արձանագրեց, այսպիսով ապահովելով տարեշրջանի իր 408-րդ կէտը: Անոր ետին 2-րդ դիրքը գրաւեց (Ապու Տապիի մէջ) «Ֆեռարի»-ի վարորդ Սեպասթիան Վեթել, իսկ երրորդ դիրքը` Մաքս Վերսթափեն...

Պարսելոնա Առաջին Խումբը` Տարեկան 11,81 Միլիոն Եւրօ Միջին Աշխատավարձով

Իր հրապարակած լուրերէն մէկուն մէջ, «Սքայ Սփորթց» յայտնեց, որ Պարսելոնա հանդիսացաւ աշխարհի առաջին մարզական խումբը, որուն խաղացողներուն միջին աշխատավարձը գերազանցեց 11,81 միլիոն եւրոն: Երկրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի Ռէալ Մատրիտ (9,16 միլիոն եւրօ): Իսկ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի խումբերէն Օքլահոմա Սիթի (8,87 միլոն եւրօ): Անոնց ետին յաջորդաբար 4-էն 8-րդ դիրքերը կը գրաւեն «Էն. Պի. Էյ.»-ի այլ խումբեր`...

Թենիս. 2018-ին Աշխարհի Զօրաւորագոյն Թենիսմեններուն Շահած Մրցանակային Գումարը

Այս տարի միջազգային թենիսին մէջ ամէնէն շատ մրցանակային գումարը ստացաւ նախապէս աշխարհի ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը գրաւող սերպ մարզիկ Նովաք Ճոքովիչ` 12,6 միլիոն ամերիկեան տոլար: Երկրորդ դիրքին վրայ է սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ (8,66 միլիոն), իսկ երրորդ դիրքին վրայ` գերմանացի Ալեքսանտր Զվերեւ (7,72 միլիոն): Զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր յայտնուեցաւ չորրորդ դիրքին վրայ (7,6 միլիոն): Առաջին տասը դիրքերը գրաւող թենիսմենները միասնաբար շահեցան 64,2...

«Ուայթ Ուեփըն»-ի Լիբանանի Անկախութեան 75-ամեակին Նուիրուած Մրցաշարք. «Հայ Քաչ Տօ»-ի Աշակերտները Տիրացան 5 Մետալի

Կիրակի, 25 նոյեմբերին, տեղի ունեցաւ «Ուայթ Ուեփըն» մարտարուեստի Լիբանանի անկախութեան նուիրուած բաժակի մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ «Հայ քաչ տօ» մարտարուեստի աշակերտները իրենց մարզիչին` Վարուժան Քէշիշեանի գլխաւորութեամբ: Անոր մասնակցող խումբերը թիւով եղան հինգ: «Հայ քաչ տօ»-ի աշակերտները այս մրցաշարքին ընթացքին բացառիկ արդիւնքներ արձանագրելով տիրացան հինգ մետալի: Վարդան Գասարճեան, Նշան Կօշկակարեան եւ Գոհար Պոզեան տիրացան ոսկի մետալներու, մինչ Յարութ Գուզուքեան...

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Ճատրակի Մրցաշարքին Մասնակցեցան 105 Երկսեռ Աշակերտներ

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին, հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ հսկողութեամբ Լիբանանի Ճատրակի ֆետերասիոնին, ՀՄԸՄ-ի ԼԵՎԱՄ-ի ճատրակի մրցաշարքը տեղի ունեցաւ վերանորոգուած Մխիթարեան վարժարանին մէջ (Ռաուտա)` կիրակի, 25 նոյեմբեր 2018-ին: Մրցաշարքին մեկնարկը տրուեցաւ յետմիջօրէի ժամը 13:00-ին` Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներով: Բաւական սուր մրցակցութեամբ լի օրուան աւարտին ի յայտ եկան նոր ախոյեաններ, որոնք եզրափակիչ մրցանակաբաշխութեան ժամանակ տիրացան իրենց...

Փորձելով Լուծում Մը Գտնել Սաժեսի Տագնապին`  Միշել Պու Ապտօ Տուաւ Մամլոյ Ասուլիս Մը

Փորձելով Լուծում Մը Գտնել Սաժեսի Տագնապին` Միշել Պու Ապտօ Տուաւ Մամլոյ Ասուլիս Մը

Սաժես ակումբի վարչութեան նախկին անդամներէն Միշել Պու Ապտօ նախորդ շաբաթավերջին «Ալեքսանտր» պանդոկին մէջ (Էշրեֆիէ) տուաւ մամլոյ ասուլիս մը` փորձելով լուծում մը գտնել Սաժես ակումբին դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ հետզհետէ բարդացող անոր տագնապին, որ օրէ-օր աւելի կը դառնայ մտահոգիչ: Մամլոյ ասուլիսին, որուն ներկայ էին մեծ թիւով հրաւիրեալներ, ան առաջարկեց այժմու վարչութեան հրաժարականը: Ան նաեւ ըսաւ, թէ ինք պատրաստ է վճարելու 100 հազար...

Թենիս «Տէյվիս-Քափ». Խրուաթիա Տիտղոսակիր` Երկրորդ Անգամն Ըլլալով

Նախորդ շաբաթավերջին իր աւարտին հասաւ թենիսի «Տէյվիս-Քափ»-ի մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական ճակատումը` Խրուաթիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ: Խրուաթիա իր պատմութեան մէջ երկրորդ անգամն ըլլալով (առաջինը` 2005-ին) հանդիսացաւ տիտղոսակիր` 3-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ֆրանսային:  

«Էն. Պի. Էյ.».  Քլիփըրզ Գրաւեց Արեւմտեան Շրջանի Պարագլուխի Դիրքը

«Էն. Պի. Էյ.». Քլիփըրզ Գրաւեց Արեւմտեան Շրջանի Պարագլուխի Դիրքը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 104-100 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզի դաշտէն, գրաւեց արեւմտեան շրջանի պարագլուխի դիրքը (13 յաղթանակ, 6 պարտութիւն): Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ նահանջեց երկրորդ դիրք (14 յաղթանակ, 7 պարտութիւն): Քլիփըրզէն Թոպիաս Հերիս նշանակեց 34 կէտ: Լոս Անճելըսի երկրորդ խումբը` Լէյքըրզ, իր դաշտին վրայ 108-104 արդիւնքով պարտութիւն մը...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը` Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլի Դէմ

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլը, արձանագրեց իր երկրորդ յաջորդական յաղթանակը` 86-39 արդիւնքով (24-7, 24-16, 19-4, 19-12): ՀՄԸՄ Անթիլիասի նման երկու յաղթանակ արձանագրած են նաեւ Ռիատի Պէյրութ եւ Անդրանիկ Պէյրութ: Դասաւորման մէջ առաջին...

Նշանառութիւն. Ռէյ Պասիլ-Տաուտ – Ալեն Մուսա Զոյգը Լիբանանին Ապահովեց Ոսկի Մետալ Մը

Նախորդ շաբաթավերջին Պէյրութ վերադարձաւ Լիբանանի նշանառութեան պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք Քաթարի մէջ տեղի ունեցած Արաբական նշանառութեան 14-րդ ախոյեանութեան: Լիբանանեան պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ռէյ Պասիլ-Տաուտ, Ալեն Մուսա, Էլի Պաժժանի, Ժոզեֆ Հատտատ, Մարուան Ապտելլաթիֆ եւ Սամեր Սարգիս: Այս ախոյեանութեան Լիբանան ապահովեց մէկ ոսկի եւ մէկ արծաթ մետալ: Ռէյ Պասիլ-Տաուտ - Ալեն Մուսա խառն զոյգը յաջողեցաւ տիրանալ ոսկի մետալին: Իսկ արծաթ...

Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէի Մէկ Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Թոքիօ

Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէին մէկ պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Թոքիօ (Ճափոն)` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Ողիմպիական կոմիտէին (ԱՔՆՈՒ) եւ Ֆրանսախօս երկիրներու ողիմպիական կոմիտէին ժողովներուն: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ եւ ողիմպիականի ընդհանուր քարտուղար, հանգստեան կոչուած գնդապետ-զօրավար Հասսան Ռըսթոմ: Պիտի քննարկուին տարբեր տեսակի նիւթեր, որոնց կարգին` Թոքիօ 2020-ի ամառնային ողիմպիական խաղերուն մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ Միջազգային ողիմպիական կոմիտէ - Լիբանանի ողիմպիական...

Հայաստանի Նախագահը Պարգեւատրեց Սիմոն Մարտիրոսեանը Եւ Գոռ Մինասեանը

Հայաստանի Նախագահը Պարգեւատրեց Սիմոն Մարտիրոսեանը Եւ Գոռ Մինասեանը

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան, ծանրաբարձութեան աշխարհի նորընծայ ախոյեան Սիմոն Մարտիրոսեանը (109 քկ) եւ փոխախոյեան Գոռ Մինասեանը (109 քկ եւ վեր) պարգեւատրեց, վերջերս Թուրքմենիստանի մայրաքաղաք Աշխապատի մէջ տեղի ունեցած ծանրաբարձութեան աշխարհի ախոյեանութեան իրենց ունեցած յաջող ելոյթներուն համար: Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերու փոխախոյեանները նախագահական նստավայրին մէջ մասնակցեցան պետական բարձր պարգեւներու յանձնումի հանդիսաւոր արարողութեան:   Մարտիրոսեան պարգեւատրուեցաւ «հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար» Բ. կարգի շքանշանով,...

Հենրիխ Մխիթարեան Իր Խմբակիցներուն Հետ Մասնակցեցաւ Երեխաներուն Աջակցող Յատուկ Տօնակատարութեան Մը

Լոնտոնեան Արսենալը իր պաշտօնական կայքին ընդմէջէն հրապարակեց տեսանիւթ մը, որ նուիրուած է երեխաներու պաշտպանութեան` Չէյմպըրի Ս. Ծննդեան օրուան տօնակատարութեան շրջանակներուն մէջ: Այս տեսահոլովակին մէջ նկարահանուեցան Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, չեխ բերդապահ Փիթըր Չեխ եւ անգլիացի յառաջապահ Տենի Ուելպեք: Այս տօնակատարութեան կազմակերպիչն է «Սէյվ տը Չըլտրըն» կազմակերպութիւնը, որ կը զբաղի ամբողջ աշխարհին մէջ երեխաներուն օգնելով եւ պայքարելով, որպէսզի...

Եւրօ-2020.  Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը` 5-րդ Զամբիւղին Մէջ

Եւրօ-2020. Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը` 5-րդ Զամբիւղին Մէջ

2 դեկտեմբերին Իրլանտայի մայրաքաղաք Տապլինի մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրօ-2020-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան վիճակաձգութիւնը: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը այս վիճակաձգութեան ընթացքին մաս պիտի կազմէ 5-րդ զամբիւղին, որուն մէջ են նաեւ Մակեդոնիա, Պիելոռուսիա, Քոսովօ, Լիւքսամպուրկ, Ազրպէյճան, Ղազախստան, Ճիպրալթար եւ Ֆարօ կղզիներ: Առաջին զամբիւղին մէջ են Զուիցերիա, Փորթուգալ, Անգլիա, Հոլանտա, Պելճիքա, Ֆրանսա, Սպանիա, Իտալիա, Խրուաթիա եւ Լեհաստան: 2-րդ զամբիւղին մաս կը կազմեն...

Page 765 of 1278 1 … 764 765 766 … 1,278

Արխիւներ