Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան, ծանրաբարձութեան աշխարհի նորընծայ ախոյեան Սիմոն Մարտիրոսեանը (109 քկ) եւ փոխախոյեան Գոռ Մինասեանը (109 քկ եւ վեր) պարգեւատրեց, վերջերս Թուրքմենիստանի մայրաքաղաք Աշխապատի մէջ տեղի ունեցած ծանրաբարձութեան աշխարհի ախոյեանութեան իրենց ունեցած յաջող ելոյթներուն համար:
Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերու փոխախոյեանները նախագահական նստավայրին մէջ մասնակցեցան պետական բարձր պարգեւներու յանձնումի հանդիսաւոր արարողութեան:
Մարտիրոսեան պարգեւատրուեցաւ «հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար» Բ. կարգի շքանշանով, մինչ Մինասեան` «երախտագիտութեան» մետալով, յայտնեց նախագահին մամլոյ քարտուղարութիւնը: