Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Ճատրակի Մրցաշարքին Մասնակցեցան 105 Երկսեռ Աշակերտներ

Նոյեմբեր 27, 2018
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին, հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ հսկողութեամբ Լիբանանի Ճատրակի ֆետերասիոնին, ՀՄԸՄ-ի ԼԵՎԱՄ-ի ճատրակի մրցաշարքը տեղի ունեցաւ վերանորոգուած Մխիթարեան վարժարանին մէջ (Ռաուտա)` կիրակի, 25 նոյեմբեր 2018-ին:

Մրցաշարքին մեկնարկը տրուեցաւ յետմիջօրէի ժամը 13:00-ին` Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներով: Բաւական սուր մրցակցութեամբ լի օրուան աւարտին ի յայտ եկան նոր ախոյեաններ, որոնք եզրափակիչ մրցանակաբաշխութեան ժամանակ տիրացան իրենց մետալներուն եւ բաժակներուն:

Մրցաշարքին մասնակցեցան 105 աշակերտներ եւ աշակերտուհիներ, որոնք կը ներկայացնէին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանը, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը, Ազգային միացեալ վարժարանը, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը, Հայ կաթողիկէ Ս. Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանը, Հայ աւետարանական քոլեճը, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանը, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանը, Սահակեան վարժարանը եւ հիւրընկալ Մխիթարեան վարժարանը:

Մրցումներուն աւարտին ՀՄԸՄ-ի ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին շնորհակալական խօսքէն ետք Մխիթարեան վարժարանի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Մարդ արարածին մարմինը, միտքը եւ հոգին իրար կապուած են, եւ մէկուն լաւ աշխատանքը դրականօրէն կ՛ազդէ միւսներուն վրայ: Ուրեմն պէտք է աշխատիլ միաժամանակ առողջ պահել ե՛ւ միտքը, ե՛ւ մարմինը, ե՛ւ հոգին:

«Մարմնային կրթութիւնը կը մշակուի մարզական խաղերու միջոցով եւ այդ խաղերէն մէկն է ճատրակը: Ճատրակը խաղ է, բայց նաեւ արուեստ է եւ գիտութիւն: Ճատրակը կը զարգացնէ մարդուն մտային ունակութիւնները, վերլուծական միտքը, հաւաքական զգացողութիւնը եւ մարզական ոգին: Անոր կը սորվեցնէ կարգապահութիւն, յարգել խաղընկերը, կեանքին մէջ որոշում տալ, ինքնուրոյն ըլլալ, այսինքն` ճատրակի միջոցով կը զարգանան այն բոլոր հմտութիւնները, որոնք մարդուն պէտք են կեանքին մէջ: Եւ Ռաուտայի Մխիթարեան վարժարանը, ըլլալով այն վարժարանը, որ կը ձգտի իր աշակերտներուն փոխանցել ո՛չ միայն զգացական եւ ընկերային այս բոլոր հմտութիւնները, այլ նաեւ ուսումնական գերազանցութիւն, մեծ ուրախութեամբ ընդունեց իր վերանորոգ վարժարանին մէջ հիւրընկալել ԼԵՎԱՄ-ի այս տարուան ճատրակի մրցաշարքը:

«Մենք գիտենք, որ արդէն եօթը տարի է Հայաստանի մէջ ճատրակը պարտադիր ընդգրկուած է դպրոցական ծրագիրին մէջ: Սփիւռքի մէջ ալ հայկական որոշ վարժարաններ եւս սկսած են ճատրակի դասընթացքը ներառել դպրոցներուն մէջ: Մենք կրնանք մեր բոլոր վարժարաններուն մէջ աւելի կարեւորութիւն ընծայել ճատրակին եւ ընդհանրապէս մարզական դաստիարակութեան` աւելի քաջալերելով մարզական կարողութիւններ ցուցաբերող աշակերտները եւ զանոնք պատրաստելով աւելի բարձր միջազգային մրցաշարքերու, ուր անոնք հայ ազգը ներկայացնելով բարձր կը պահեն հայ անունն ու դրօշը:

«Կը շնորհաւորեմ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբը իր տարած գնահատելի աշխատանքին համար եւ կը մաղթեմ, որ այս աւանդական մարզական նախաձեռնութիւնը շարունակուի` զարգացնելով աշակերտներուն մարզական ոգին ու կամքը, հաստատակամութիւնը, ուժն ու կորովը:

«Այսօր ձեր առաջին այցելութիւնն էր Մխիթարեան վարժարան, բայց կը մաղթեմ, որ անիկա չըլլայ վերջինը, եւ զանազան առիթներով ձեզ տեսնենք մեր մօտ, ուր նաեւ դուք պիտի զգաք ձեր տան մէջ: Մեր դուռը միշտ բաց է հայ աշակերտին համար: Բարի՛ եկաք»:

Ճատրակի ֆետերասիոնի փոխնախագահ  Ալի Շահրուր իր կարգին խօսք առնելով ըսաւ.

«Կը շնորհաւորենք միջդպրոցական ճատրակի այս մրցաշարքին կազմակերպիչ մարմինը (ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ-ը), ինչպէս նաեւ Մխիթարեան վարժարանը, որ ընդառաջած է մրցաշարքը վարժարանին մէջ կազմակերպելու առաջարկին` համախմբելով մեծ թիւով աշակերտ-աշակերտուհիներ, որ մրցին կարեւոր խաղի մը մէջ, որ կ՛օժանդակէ աշակերտին մտային պատրաստութեան»:

Ան շնորհաւորեց օրուան յաղթող աշակերտները եւ քաջալերելով մրցանակ չստացող աշակերտները ըսաւ, թէ այս մրցաշարքը անոնց պէտք է տայ նոր թափ, որպէսզի յառաջիկային դառնան մրցանակակիրներ:

Ճատրակի ֆետերասիոնի անդամ  Էլի Խէյրալլա իր կարգին գնահատեց կազմակերպիչ մարմինն ու աշակերտները եւ յայտարարեց Լիբանանի ճատրակի տարիքային ախոյեանութեան թուականները:

Խօսքերէն ետք յայտարարուեցան մրցաշարքին արդիւնքները: Մրցանակաբաշխութիւնը կատարեցին Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Ալի Շահրուր, Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի անդամ Էլի Խէյրալլա, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի ներկայացուցիչ Աշոտ Թասլաքեան, Մխիթարեան վարժարանի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեան եւ «Ազդակ» օրաթերթի մարզական էջի խմբագիր` Վարդիվառ Գասապեան:

Ստորեւ կը ներկայացնենք անհատական եւ խմբային մանրամասն արդիւնքները.

2010/2011-ի ծնունդ

Աղջիկներ`
Նայիրի Արնէլեան (Մեսրոպեան)4 կէտ
Հերա Պետիրեան (Ճեմարան)4 կէտ
Տղաք`
Նարեկ Բակլայեան (Ճեմարան)6 կէտ
Քալէ Հարպոյեան (Ճեմարան)4,5 կէտ
Վան Պորոյեան (Ճեմարան)3,5 կէտ

2008/2009-ի ծնունդ

Աղջիկներ   
Մարի Լին Պալեան (Հայ աւետ. քոլէճ)3 կէտ
Արեգ Ճենանեան (Մեսրոպեան)2 կէտ
Տղաք`
Կի Գալուստ (Մեսրոպեան)5,5 կէտ
Հրակ Ծատուրեան (Ճեմարան)5 կէտ
Արա Ատոմ Մանճիկեան (Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ)4 կէտ

2006/2007-ի ծնունդ

Աղջիկներ`
Ալիք Թէնպէլեան (Ճեմարան)3 կէտ
Սէրլի Ինճէեան (Մխիթարեան)2 կէտ
Տղաք`
Րաֆֆի-Իւլիս Սեմերճեան (Ճեմարան)5 կէտ
Նժդեհ Պալեան (Հայ աւետ. քոլեճ)5 կէտ
Նիքոլա Մուրատեան (Ճեմարան)5 կէտ

2004/2005-ի ծնունդ

Աղջիկներ`
Լորի Գարաճեան (Ճեմարան)5 կէտ
Նանոր Արնէլեան (Մեսրոպեան)5 կէտ
Սթեֆանի Կիրակոսեան (Սահակեան)4 կէտ
Տղաք`
Հրակ Լախեան (Ճեմարան)6 կէտ
Քրիստ Էճիտեան (Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան)3,5 կէտ
Սէրուժ Պոյաճեան (Շամլեան)3,5 կէտ

2002/2003-ի ծնունդ

Աղջիկներ`
Ճեսի Գրիգորեան (Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ)4 կէտ
Կայէլ Գրիգորեան (Ճեմարան)3 կէտ
Սօսի Տեմիրճեան (Ճեմարան)3 կէտ
Տղաք`
Ճիօ Գալուստ (Մեսրոպեան)6 կէտ
Ալեքս Թորոսեան (Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան)5 կէտ
Լեւոն Շնորհօքեան (Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան)

2001-ի ծնունդ

Տղաք`
1.- Կարօ Գալֆայեան (Մեսրոպեան)4 կէտ
2.- Արի Աւետիս (Ճեմարան)2 կէտ
3.- Մանուէլ Ալաճաճեան (Հայ աւետ. քոլեճ)0 կէտ

Վարժարաններու խմբային դասաւորում

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան32 կէտ
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան29 կէտ
Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ16,5 կէտ
Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան15,5 կէտ
Հայ աւետարանական քոլեճ15 կէտ
Սահակեան վարժարան14,5 կէտ
Մխիթարեան վարժարան14 կէտ
Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան3,5 կէտ
Ազգային միացեալ վարժարան0 կէտ
Հայ կաթողիկէ Ս. Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարան0 կէտ

Մրցաշարքի աւարտին շնորհակալութիւն կը յայտնենք հիւրընկալ Մխիթարեան վարժարանի տնօրէնութեան, մրցաշարքի գլխաւոր իրաւարար Էլի Հուլիշեանին, մրցաշարքի իրաւարարներուն` Աբիկ Աբրահամեանին, Շանթ Գազանճեանին, Տաւիտ Տաուտին, Շարլի Գալուստին, Աւագ Պալապանեանին, Խաչիկ Սերոբեանին, Յովիկ Թորոսեանին եւ Գէորգ Կոստանեանին:

 

Նախորդը

Փորձելով Լուծում Մը Գտնել Սաժեսի Տագնապին` Միշել Պու Ապտօ Տուաւ Մամլոյ Ասուլիս Մը

Յաջորդը

«Ուայթ Ուեփըն»-ի Լիբանանի Անկախութեան 75-ամեակին Նուիրուած Մրցաշարք. «Հայ Քաչ Տօ»-ի Աշակերտները Տիրացան 5 Մետալի

RelatedPosts

Արթուր Միրանեան Նշանակեց «Իրոնի»-ի Դէմ Յաղթանակի Կոլը
Մարզական

Արթուր Միրանեան Նշանակեց «Իրոնի»-ի Դէմ Յաղթանակի Կոլը

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Ֆորմիւլա 1».  Վերշթափըն Շահեցաւ Միացեալ Նահանգներու Կրան Փրին
Մարզական

«Ֆորմիւլա 1». Վերշթափըն Շահեցաւ Միացեալ Նահանգներու Կրան Փրին

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Եու. Է. Էֆ. Ա.».  Օրէնքները Կրնան Փոխուիլ` Աւելի Հետաքրքրական Դարձնելու Զտումի Մրցումները
Մարզական

«Եու. Է. Էֆ. Ա.». Օրէնքները Կրնան Փոխուիլ` Աւելի Հետաքրքրական Դարձնելու Զտումի Մրցումները

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?