«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 104-100 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզի դաշտէն, գրաւեց արեւմտեան շրջանի պարագլուխի դիրքը (13 յաղթանակ, 6 պարտութիւն):
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ նահանջեց երկրորդ դիրք (14 յաղթանակ, 7 պարտութիւն):
Քլիփըրզէն Թոպիաս Հերիս նշանակեց 34 կէտ:
Լոս Անճելըսի երկրորդ խումբը` Լէյքըրզ, իր դաշտին վրայ 108-104 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Օրլանտօ Մեճիքէն: Լեպրոն Ճէյմս (Լէյքըրզ) նշանակեց 24 կէտ:
Հակառակ անոր որ Տ՛անճելօ Ռասըլ նշանակեց 38 կէտ, սակայն անոր կազմը` Պրուքլին Նեթց, պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզէն: Այս վերջինէն Ճիմի Պաթլըր նշանակեց 34 կէտ:
Ստորեւ` երէկուան արդիւնքները.
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Օրլանտօ Մեճիք | 104-108 |
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Ֆէոնիքս Սանզ | 118-107 |
Աթլանթա Հոքս – Շարլոթ Հոռնեթց | 124-123 |
Պրուքլին Նեթց – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ | 125-127 |
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Մայեմի Հիթ | 125-115 |
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Նիւ Եորք Նիքս | 98-103 |
Սաքրամենթօ Քինկզ – Եութա Ճեզ | 112-133 |
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ | 100-104 |
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Շարլոթ Հոռնեթց – Միլուոքի Պաքս
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Մինեսոթա Վուլվզ
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ
Նիւ Օրլինզ – Պոսթըն Սելթիքս
Եութա Ճեզ – Ինտիանա Փէյսըրզ
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Օրլանտօ Մեճիք