Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէին մէկ պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Թոքիօ (Ճափոն)` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Ողիմպիական կոմիտէին (ԱՔՆՈՒ) եւ Ֆրանսախօս երկիրներու ողիմպիական կոմիտէին ժողովներուն:
Պատուիրակութեան մաս կազմեցին Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ եւ ողիմպիականի ընդհանուր քարտուղար, հանգստեան կոչուած գնդապետ-զօրավար Հասսան Ռըսթոմ:
Պիտի քննարկուին տարբեր տեսակի նիւթեր, որոնց կարգին` Թոքիօ 2020-ի ամառնային ողիմպիական խաղերուն մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ Միջազգային ողիմպիական կոմիտէ – Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէ յարաբերութիւնները աւելի ամրապնդելու եւ միասնաբար գործակցելու վերաբերեալ հարցեր: