
Նախորդ շաբաթավերջին իր աւարտին հասաւ թենիսի «Տէյվիս-Քափ»-ի մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական ճակատումը` Խրուաթիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ:
Խրուաթիա իր պատմութեան մէջ երկրորդ անգամն ըլլալով (առաջինը` 2005-ին) հանդիսացաւ տիտղոսակիր` 3-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ֆրանսային: