Նախորդ շաբաթավերջին Պէյրութ վերադարձաւ Լիբանանի նշանառութեան պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք Քաթարի մէջ տեղի ունեցած Արաբական նշանառութեան 14-րդ ախոյեանութեան:
Լիբանանեան պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ռէյ Պասիլ-Տաուտ, Ալեն Մուսա, Էլի Պաժժանի, Ժոզեֆ Հատտատ, Մարուան Ապտելլաթիֆ եւ Սամեր Սարգիս:
Այս ախոյեանութեան Լիբանան ապահովեց մէկ ոսկի եւ մէկ արծաթ մետալ:
Ռէյ Պասիլ-Տաուտ – Ալեն Մուսա խառն զոյգը յաջողեցաւ տիրանալ ոսկի մետալին:
Իսկ արծաթ մետալին տիրացաւ ՌԷյ Պասիլ-Տաուտ աղջկանց մրցումներուն:
Այս առիթով Լիբանանի նշանառութեան ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Ժալըխ շնորհաւորեց մրցանակակիրները: