Լոնտոնեան Արսենալը իր պաշտօնական կայքին ընդմէջէն հրապարակեց տեսանիւթ մը, որ նուիրուած է երեխաներու պաշտպանութեան` Չէյմպըրի Ս. Ծննդեան օրուան տօնակատարութեան շրջանակներուն մէջ:
Այս տեսահոլովակին մէջ նկարահանուեցան Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, չեխ բերդապահ Փիթըր Չեխ եւ անգլիացի յառաջապահ Տենի Ուելպեք:
Այս տօնակատարութեան կազմակերպիչն է «Սէյվ տը Չըլտրըն» կազմակերպութիւնը, որ կը զբաղի ամբողջ աշխարհին մէջ երեխաներուն օգնելով եւ պայքարելով, որպէսզի անոնք կրթութիւն ստանան, մնան առողջ, բռնութիւններէ զերծ մնան եւ այլ հարցեր: