2 դեկտեմբերին Իրլանտայի մայրաքաղաք Տապլինի մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրօ-2020-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան վիճակաձգութիւնը:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը այս վիճակաձգութեան ընթացքին մաս պիտի կազմէ 5-րդ զամբիւղին, որուն մէջ են նաեւ Մակեդոնիա, Պիելոռուսիա, Քոսովօ, Լիւքսամպուրկ, Ազրպէյճան, Ղազախստան, Ճիպրալթար եւ Ֆարօ կղզիներ:
Առաջին զամբիւղին մէջ են Զուիցերիա, Փորթուգալ, Անգլիա, Հոլանտա, Պելճիքա, Ֆրանսա, Սպանիա, Իտալիա, Խրուաթիա եւ Լեհաստան:
2-րդ զամբիւղին մաս կը կազմեն Գերմանիա, Իսլանտա, Պոսնիա, Ուքրանիա, Դանիա, Շուէտ, Ռուսիա, Աւստրիա, Կալես եւ Չեխիա:
3-րդ զամբիւղին մէջ են Սլովաքիա, Թուրքիա, Իրլանտա, Հիւսիսային Իրլանտա, Սկովտիա, Նորվեկիա, Սերպիա, Ֆինլանտա, Պուլկարիա եւ Իսրայէլ:
4-րդ զամբիւղին մաս կազմող խումբերն են Հունգարիա, Ռումանիա, Յունաստան, Ալպանիա, Մոնթենեկրօ, Կիպրոս, Էսթոնիա, Սլովենիա, Լիթուանիա եւ Վրաստան:
Վերջապէս, 6-րդ զամբիւղին մաս կը կազմեն Լաթվիա, Լիխթնշթայն, Անտորրա, Մալթա եւ Սան Մարինօ:
Եւրոպայի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումները առաջին անգամ ըլլալով տեղի պիտի ունենան 13 քաղաքներու մէջ:
Անոնք են` Ս. Փեթերսպուրկ, Լոնտոն, Միւնիխ, Հռոմ, Քոփենհակըն, Պուքրէշ, Ամսթերտամ, Տապլին, Պիլպաօ, Պուտափեշթ, Պրիւքսել, Կլասքօ եւ Պաքու: