Կիրակի, 25 նոյեմբերին, տեղի ունեցաւ «Ուայթ Ուեփըն» մարտարուեստի Լիբանանի անկախութեան նուիրուած բաժակի մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ «Հայ քաչ տօ» մարտարուեստի աշակերտները իրենց մարզիչին` Վարուժան Քէշիշեանի գլխաւորութեամբ:
Անոր մասնակցող խումբերը թիւով եղան հինգ:
«Հայ քաչ տօ»-ի աշակերտները այս մրցաշարքին ընթացքին բացառիկ արդիւնքներ արձանագրելով տիրացան հինգ մետալի:
Վարդան Գասարճեան, Նշան Կօշկակարեան եւ Գոհար Պոզեան տիրացան ոսկի մետալներու, մինչ Յարութ Գուզուքեան ձեռք ձգեց արծաթ մետալ մը, իսկ Նարեկ Ճորճեան` պրոնզ մետալ մը:
Կը շնորհաւորենք լիբանանահայ մեր մրցանակակիրները` անոնց մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ եւ նուաճումներ: