Սաժես ակումբի վարչութեան նախկին անդամներէն Միշել Պու Ապտօ նախորդ շաբաթավերջին «Ալեքսանտր» պանդոկին մէջ (Էշրեֆիէ) տուաւ մամլոյ ասուլիս մը` փորձելով լուծում մը գտնել Սաժես ակումբին դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ հետզհետէ բարդացող անոր տագնապին, որ օրէ-օր աւելի կը դառնայ մտահոգիչ:
Մամլոյ ասուլիսին, որուն ներկայ էին մեծ թիւով հրաւիրեալներ, ան առաջարկեց այժմու վարչութեան հրաժարականը: Ան նաեւ ըսաւ, թէ ինք պատրաստ է վճարելու 100 հազար ամերիկեան տոլար, որպէսզի ՖԻՊԱ-ին կողմէ Սաժեսի դէմ որոշուելիք կախակայումը սառեցուի:
Միշել Պու Ապտօ նշեց, որ նոր ընտրութիւններուն նախօրեակին, ան պասքեթպոլի եւ ֆութպոլի խումբերուն մարզիկներուն ամսականները (մէկ տարուան) վրայ պատրաստ է ուղղակիօրէն վճարելու դրամատան միջոցով:
Ան ապագայի հաշուոյն խօսեցաւ նաեւ այլ կէտերու մասին, որոնք սակայն այժմ կը մնան երկրորդական:
Աւարտին ան պատասխանեց լրագրողներուն կողմէ իրեն ուղղուած հարցումներուն: