Հովանաւորութեամբ Ֆըրն Շըպպեքի քաղաքապետութեան եւ հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, Ֆըրն Շըպպեքի ճատրակի ակումբը կը կազմակերպէ Ս. Ծննդեան տօնին նուիրուած իր տարեկան 20-րդ մրցաշարքը` Նոթրը-Տամ Ֆըրն Շըպպեքի վարժարանին մէջ:
Տարիքային այս մրցաշարքը, որ տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 15 դեկտեմբերին, պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 13:00-ին:
Տեղի պիտի ունենան 8, 10, 12, 14 եւ 16 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումները: Անիկա կը բաղկանայ 6 հանգրուանէ:
Իսկ կիրակի, 16 դեկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն սկսեալ, նոյն վայրին մէջ տեղի պիտի ունենայ արագ ճատրակի տարեկան մրցաշարքը:



