«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի մէջ (Քասլիք) տեղի ունեցած յատուկ երեկոյի մը ընթացքին, Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնը կը կատարէ 2018-ի մրցանակաբաշխութիւնը:
Իրենց մրցանակները պիտի ստանան բոլոր անոնք, որոնք թէ՛ տեղական եւ թէ՛ ալ միջազգային գետնի վրայ յաջողութիւններ ձեռք ձգեցին եւ գրաւեցին մրցանակային դիրքեր:
Այս ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 16 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 20:00-էն սկսեալ: