«Լ՛Էքիփ» կը հաղորդէ, որ քաթալոնական Պարսելոնայի ֆրանսացի միջնապահ Ուսման Տեմպելէ 100 հազար եւրօ տուգանքի ենթարկուեցաւ խումբին կատարած փորձերուն ուշացած ներկայանալուն համար:
Նշուեցաւ, որ Էսփանիոլի դէմ արձանագրուած յաղթանակին (4-0) յաջորդ օրը, 21 տարեկան ֆութպոլիստը 2 ժամ ուշացումով եկած է փորձերուն` պատճառաբանելով, որ քնացած մնացեր է:
Պարսա նշեց, որ ասիկա առաջին անգամը չէ, որ այսպիսի ուշացում կ՛ըլլայ Տեմպելէի կողմէ:
Այս տարեշրջանին ան մասնակցեցաւ «Լա լիկա»-ի 14 մրցումի` նշանակելով 6 կոլ եւ կատարելով 3 էսիսթ:



