«Պի. Պի. Սի.» հաղորդեց, որ Անգլիոյ մէջ ֆութպոլի մրցումի մը ընթացքին 14 տարեկան բերդապահ Լուքա Քամփանարօ իր ստացած վնասուածքին պատճառով մահացաւ:
Արեւմտեան Լոնտոնի մէջ, պատանեկան լիկայի մրցումին ընթացքին, Պետկրով Տայնամոս խումբին մաս կազմող բերդապահը գլխու մահացու հարուած մը ստացաւ մրցակից խումբին մէկ մարզիկին հետ բախում ունենալէ ետք:
Ան թէեւ ուղղաթիռով անմիջապէս տեղափոխուեցաւ հիւանդանոց, սակայն անոր կեանքը կարելի չեղաւ փրկել:



