«Սքայ Սփորթց» կը հաղորդէ, որ Անգլիոյ ախոյեան Մանչեսթըր Սիթիի սպանացի միջնապահ Տաւիտ Սիլվա 3 շաբաթով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն` վիրաւոր ըլլալուն պատճառով:
Ան պիտի բացակայի «Փրեմիեր-լիկ»-ի չորս մրցումներէն (Էվըրթընի, Լայսթըր Սիթիի, Քրիսթալ Փալասի եւ Սաութհեմփթընի դէմ), ինչպէս նաեւ Անգլիոյ լիկայի բաժակի մրցաշարքին գծով տեղի ունենալիք մրցումէ մը (Լայսթըր Սիթիի դէմ):
Ան այս տարեշրջանին 14 մրցումի ընթացքին նշանակեց 5 կոլ եւ կատարեց 2 էսիսթ:
Սիթիի հետ անոր պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2020-ին:



