Պարսելոնայի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի 15 միլիոն ամերիկեան տոլարի օդանաւ մը գնեց, յայտնեց սպանական մամուլը:
Ան գնեց 2004-ի արտադրութեան «ԿՈՒԼՖՍԹՐԻՄ-ՎԻ.» օդանաւ մը:
Նշուեցաւ, որ այս օդանաւը ունի 16 նստարաններ, որոնք կրնան վերածուիլ 8 անկողինի: Մեսսի այս օդանաւը պիտի գործածէ, երբ ուզէ իր ընտանիքին հետ Արժանթին ճամբորդել:



