Հովանաւորութեամբ Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանին եւ կազմակերպութեամբ «Սփորթց-Մանիա» ընկերութեան, կիրակի, 16 դեկտեմբերին կը սկսի դպրոցական 2-րդ մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 25 վարժարաններ:
Այս մրցաշարքը, որ կ՛ընդգրկէ պասքեթպոլ, ֆութպոլ, փինկ փոնկ եւ պետմինթոն մարզաձեւերը, կ՛աւարտի 2019-ի մարտի սկիզբը:
Այս գծով յաւելեալ մանրամասնութիւններ հաղորդելու համար կազմակերպիչները տուին յատուկ մամլոյ ասուլիս մը (վերոնշեալ համալսարանին մէջ)` ներկայութեամբ մեծաթիւ հանդիսատեսներու:
Մամլոյ ասուլիսին ներկայ գտնուեցան համալսարանի փոխնախագահ հայր Թալալ Հաշեմ, վերոնշեալ մարզաձեւերու ֆետերասիոններուն ներկայացուցիչները, մարզական լրագրողներ, մասնակցող վարժարաններուն ներկայացուցիչները եւ մեծ թիւով հրաւիրեալներ:
Սոյն մրցաշարքին մասնակցող 24 վարժարաններուն մէջ հայկական միակ վարժարանն է Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանը:




