«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուած մրցումներուն, Սան Անթոնիօ Սփըրզ միակն ըլլալով իր դաշտին վրայ յաղթանակ արձանագրեց, մինչ մնացեալ երեք մրցումներուն հիւրընկալ կազմերը պարտութիւն կրեցին:

Թէեւ Պլէյք Կրիֆին նշանակեց 35 կէտ, սակայն անոր կազմը` Տիթրոյիթ Փիսթընզ, պարտուեցաւ Նիւ Օրլինզէն (116-108):
Շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումներուն, Շիքակօ Պուլզ ամօթալի պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Պոսթըն Սելթիքսէն (133-77):
Այսպիսով, անիկա «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան մէջ հակամրցանիշ մը հաստատեց, որովհետեւ ցարդ ոչ մէկ խումբ 56 կէտի տարբերութեամբ պարտութիւն չէր կրած:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
| Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Նիւ Օրլինզ | 108-116 |
| Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Միլուոքի Պաքս | 99-104 |
| Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Եութա Ճեզ | 110-97 |
| Շարլոթ Հոռնեթց – Նիւ Եորք Նիքս | 119-107 |
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Ինտիանա Փէյսըրզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ
Պոսթըն Սելթիքս – Նիւ Օրլինզ
Շիքակօ Պուլզ – Սաքրամենթօ Քինկզ
Միլուոքի Պաքս – Քլիվլենտ Քաւալիրզ
Օքլահոմա Սիթի – Եութա Ճեզ
Տալաս Մավըրիքս – Օրլանտօ Մեճիք
Տենվըր Նակեթց – Մեմֆիս Կրիզլիզ
Ֆէոնիքս Սանզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Մինեսոթա Վուլվզ
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Մայեմի Հիթ


