Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը, բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 5-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ահլի Սայտան:
Միքայէլ Նորաշխարհեան, Երուանդ-Վարդգէս Մանասերեան, Խաչիկ Սերոբեան, Սեւակ Օհանեան եւ Էլիօ Պու Ղազալէ նշանակեցին ՀՄԸՄ-ի կոլերը: