Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 17-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, գործող ախոյեան Եուվենթուս շարունակեց մնալ անպարտելի միակ խումբը, երբ իր դաշտին վրայ նուազագոյն հաշիւով յաղթեց Ա. Էս. Ռոմային:
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց խրուաթ` Մարիօ Մանծուքիչ (35-րդ):
Մրցումին կորսուած վայրկեաններուն, թէեւ պրազիլցի Տուկլաս Քոսթա արդիւնքը կրկնապատկեց, սակայն կեդրոնի իրաւարարը նշանակուած այդ կոլին կրկնապատկերը դիտելէ ետք զայն չեղեալ նկատեց:
Եուվենթուս, որ այժմ ունեցաւ 49 կէտ, շարունակեց 8 կէտի առաւելութեամբ գերազանցել Նափոլին, որ 1-0 արդիւնքով յաղթեց ՍՓԱԼ-ի:
Ա. Սէ. Միլան իր դաշտին վրայ պարտուեցաւ Ֆիորենթինայէն (1-0), մինչ Միլանօ քաղաքի երկրորդ խումբը` Ինթեր, 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Քիեւոյի դաշտին վրայ: