Վաղը Կ՛աւարտի
7-րդ Հանգրուանը
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ հիւրը կ՛ըլլայ Սաժեսի:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Ղազիրի դաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 17:00-ին:
Այս հանգրուանը կ՛աւարտի վաղը` կիրակի, երբ ժամը 17:00-ին, Տիք Մըհտիի մէջ Շանվիլ կը հիւրընկալէ Պէյրութը:

PROFOTO
Նշենք, որ այս հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ, Մանարայի իր դաշտին վրայ Ռիատի Պէյրութ, որ հիւրընկալեց Թրիփոլիի Մութթահետին, արձանագրեց 74-64 արդիւնքով յաղթանակ մը (կիսախաղ` 33-31, ի նպաստ Ռիատիի):
Ռիատիէն ամէնէն աւելի կէտ նշանակեց Իսմայիլ Ահմետ (20 կէտ), իսկ Մութթահետէն` Մարվել Հերիս (19 կէտ):
Այսօրուան մրցումին ՀՄԸՄ եւ Սաժես, հակապատկերով մը կը ներկայանան: Արդարեւ ՀՄԸՄ արձանագրած է 4 յաղթանակ եւ կրած` մէկ պարտութիւն, մինչ Սաժես` ճիշդ հակառակը:
Հակառակ ասոր, ՀՄԸՄ երբե՛ք պէտք չէ անտեսէ իր մրցակիցը եւ իր մրցումը կատարէ այնպէս, ինչպէս աւարտականի մրցում մը ըլլայ:


