Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Արսենալի նախկին յառաջապահ Թիերի Հանրիի գլխաւորութեամբ, Մոնաքօ տարբեր մրցաշարքերու ընթացքին կրած է 9 պարտութիւն:
13 հոկտեմբերէն ետք այս արդիւնքը վատագոյնն է Եւրոպայի 5 լաւագոյն ախոյեանութիւններուն (Սպանիա, Անգլիա, Գերմանիա, Իտալիա եւ Ֆրանսա) ընթացքին, այս գծով կը յայտնէ «ՕՓԹԱ»:
41 տարեկան Հանրի, որ 13 հոկտեմբերին ստանձնեց Մոնաքոյի մարզիչի պաշտօնը, այժմ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 18-րդ հանգրուանէն ետք 13 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 19-րդ եւ նախավերջին դիրքը:
Նշենք սակայն, որ երբ ան ստանձնեց իր պաշտօնը, իշխանապետական կազմը արդէն իսկ իր վատ օրերուն մէջ էր: