Լոնտոնեան Արսենալի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանը աջ ոտքի ոտնամատի վնասուածք ունի: Այս գծով յայտնեց անգլիական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Այնպէս կը թուի, որ այդ վնասուածքը այդքան ալ ծանր չէ` նկատի ունենալով, որ նշուեցաւ, թէ Պըրնլիի դէմ այսօր տեղի ունենալիք Անգլիոյ ախոյեանութեան 18-րդ հանգրուանի մրցումի անոր մասնակցութեան հարցը պիտի յայտարարուի մրցումէն առաջ:



