Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Արձանագրեց Իր Հինգերորդ Յաղթանակը` 74-66 Արդիւնքով Պարտութեան Մատնելով Սաժեսը

Դեկտեմբեր 24, 2018
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան  7-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, շաբաթ, 22 դեկտեմբերին, Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմը Ղազիրի դաշտին վրայ հիւրը եղաւ Սաժեսին:

Սաժես – ՀՄԸՄ մրցումէն
PROFOTO

Հիւրընկալ կազմը մրցումը սկսաւ մէկ յաղթանակով եւ չորս պարտութեամբ, մինչ ՀՄԸՄ` չորս յաղթանակով եւ մէկ պարտութեամբ:

Երկու խումբերն ալ մրցումը սկսան բաւական դանդաղ ձեւով` նկատի ունենալով, որ առաջին քորթըրը աւարտեցաւ 12-11 արդիւնքով` ի նպաստ Սաժեսի:

Երկրորդ քորթըրին, երկու կազմերը փորձեցին քիչ մը աւելի բարելաւել իրենց խաղարկութիւնը եւ նշանակել յաւելեալ կէտեր: Բայց անիկա եղաւ ճիշդ առաջինին նման, եւ շատ քիչ կէտեր նշանակուեցան երկուքին կողմէ ալ (16-13):

Այսպիսով, առաջին կիսախաղը աւարտեցաւ, ի նպաստ Սաժեսի` 28-24 բաւական ցած արդիւնքով մը:

Հանդերձարանէն խաղադաշտ ուղղուելով` երկու կազմերը սկսան երրորդ քորթըրին, բաւական դատարկ թրիպիւններով տեղի ունեցած այս մրցումին:

Երրորդ քորթըրին, ՀՄԸՄ բաւական բարելաւելով իր խաղարկութիւնը, նշանակեց 28 կէտ, փոխան` 14-ի:

Չորրորդ քորթըրի առաջին հինգ վայրկեանին, իր հինգերորդ ֆաուլը կատարելով, ՀՄԸՄ-էն Ժերար Հատիտեան ֆաուլ-աութով դուրս ելաւ մրցումէն:

Ի վերջոյ մրցումին 40 վայրկեանները աւարտեցան եւ մրցումին յաղթականը եղաւ ՀՄԸՄ` 74-66 արդիւնքով:

Մրցումին լաւագոյն կոլ-սքորըրը հանդիսացաւ ՀՄԸՄ-էն Ուոլթըր Հոճ, որ նշանակեց 21 կէտ: Իսկ, անոր խմբակից Քրիս Ճոնսըն նշանակեց 14 կէտ: Մրցումին լաւագոյն ռիպաունտըրը եղաւ նոյնպէս ՀՄԸՄ-էն` Քարիմ Զէյնուն (9):

Սաժեսէն լաւագոյն կոլ-սքորըրը հանդիսացաւ Քէանու Փոսթ (19 կէտ):

ՀՄԸՄ 26 թրի փոյնթ-էն 9-ը հասցուց իրենց նպատակին, մինչ Սաժես` 29-էն 4-ը միայն:

Շանվիլ – Պէյրութ մրցումէն
PROFOTO

Ինչ կը վերաբերի երէկ տեղի ունեցած Շանվիլ – Պէյրութ մրցումին, անիկա աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ` Շանվիլի յաղթանակով, 77-68 արդիւնքով:

Շանվիլէն Ֆետի Խաթիպ նշանակեց 25 կէտ, մինչ Պէյրութէն Քայլ Հանթ, տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (23 կէտ, 17 ռիպաունտ):

Նախորդը

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պէյրութ – Ահլի Սայտա` 5-0

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Ըմբշամարտ.  Արման Մուսիկեան` Պրոնզէ Մետալակիր
Մարզական

Ըմբշամարտ. Արման Մուսիկեան` Պրոնզէ Մետալակիր

Օգոստոս 21, 2025
Ճատրակ.  Արոնեան Յաղթանակով Սկսաւ «Սինքուիֆիլտ Բաժակը»
Մարզական

Ճատրակ. Արոնեան Յաղթանակով Սկսաւ «Սինքուիֆիլտ Բաժակը»

Օգոստոս 21, 2025
Ինչպէս Ատրիանօ «Ոչնչացաւ»
Մարզական

Ինչպէս Ատրիանօ «Ոչնչացաւ»

Օգոստոս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?