Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 22 դեկտեմբերին, ՀՄԸՄ Պէյրութի տղոց կազմը կը մրցի Ահլի Սայտայի դէմ:
Սկզբունքով այս մրցումը տեղի պիտի ունենար Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ, երեկոյեան ժամը 19:00-ին:
Սակայն նկատի ունենալով, որ մարզադաշտին մէջ նորոգութեան աշխատանքները ցարդ չեն աւարտած, մրցումը տեղափոխուեցաւ Սատաքայի դաշտ:
Ժամը կը մնայ անփոփոխ:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի յաղթանակ մը արձանագրել իրենց մրցակիցին դէմ:


