Սիսիանի Մէջ Իր Աւարտին Կը Մօտենայ Ֆութպոլի Ակադեմիային Շինարարութիւնը
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, կը շարունակէ մարզերուն մէջ կատարել ենթակառոյցներու զարգացման ծրագիրներ: Սիսիանի մէջ արդէն իսկ իր աւարտին կը մօտենայ ֆութպոլի ակադեմիային շինարարութիւնը: Արուեստական խոտածածկով խաղադաշտէն բացի, գրեթէ պատրաստ է շահագործման, նաեւ վարչական շէնքը, որ ունի ամէն տեսակի յարմարութիւններ: Նշենք, որ Սիսիան Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն եւ կամ` Ա. դասակարգի ախոյեանութիւններուն մէջ խումբ չունի:






