Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 17-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումներուն, գործող ախոյեան Պայէրն Միւնիխ 3-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Այնթրախթ Ֆրանքֆորթի դաշտէն:
Ֆրանք Ռիպերի նշանակեց 2 կոլ, մինչ երրորդը` Ռաֆինիա:
Պայէրն այժմ 6 կէտով ետ է Պորուսիա Տորթմունտէն, որ հանդիսացաւ երթի ախոյեան:
Անիկա 2-1 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Պորուսիա Մէօնշընկլատպախին:



