«Քալչիօ». Փարմա Հաւասարութիւն Մը Արձանագրեց Եուվենթուսի Հետ (3-3)… 93-րդ Վայրկեանին
Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 22-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երկրին գործող ախոյեան Եուվենթուս, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Փարման (12-րդ) անոր հետ արձանագրեց 3-3 արդիւնքով հաւասարութիւն մը: Փարմա պարտութենէ մը փրկուեցաւ, երբ մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (93-րդ) նշանակեց իր հաւասարութեան կոլը` շնորհիւ փղոսկրեայ ափունքցի յառաջապահ Ժերվինիոյի, որ նշանակած էր նաեւ իր կազմին երկրորդ կոլը (74-րդ), մինչ Փարմա ուշացած էր 3-1 արդիւնքով:...






