Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 3 փետրուարին, ՀՄԸՄ Անթիլիասի մրցակիցը պիտի ըլլայ Հուփսը:
Այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:30-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը, որ ցարդ անպարտելի միակ խումբն է:
Դարձի մրցումները կ՛աւարտին ուրբաթ, 15 փետրուարին: