Կազմակերպութեամբ Ժամհուր ակումբին, հսկողութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին եւ հովանաւորութեամբ «Ֆրանսապանք» դրամատան, վերոնշեալ վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ փինկ փոնկի տարեկան մրցաշարքը` մասնակցութեամբ 54 երկսեռ մարզիկներու, որոնք կը ներկայացնէին 17 ակումբներ` լիբանանեան տարբեր շրջաններէ:
Տղոց մրցաշարքին առաջին հանդիսացաւ Այն Նաժըմ վարժարանը, իսկ աղջկանց պարագային` Ժամհուր վարժարանը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:
Նշենք, որ մրցումներուն հսկեցին Ժորժ Հապայեպ եւ Ժոզեֆ Շալհուպ:



