Շուէտական Ալինկսաս քաղաքի «Էսթրատ Ալինկսաս» մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ֆութսալի ախոյեանութեան, Ե. խմբակի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստան, որ կատարեց իր երկրորդ մրցումը, կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը, այս անգամ Պելճիքայէն, 6-2 արդիւնքով:
Առաջին մրցումին գլխաւոր մարզիչ Ռուբէն Նազարեթեանի կազմը 3-1 արդիւնքով պարտուած էր Շուէտէն:
Պելճիքայի դէմ կատարուած մրցումին, Հայաստան հանդէս եկաւ հետեւեալ մեկնարկային կազմով.
Սարգիս Էսքիճեան, Յակոբ Ուզունեան, Գոռ Սարգսեան, Սարօ Գալստեան եւ Անդրանիկ Կարապետեան: