Փոքր երկիրներու դահուկարշաւի առաջին ախոյեանութիւնը հիւրընկալող երկրին` Հայաստանի մէջ, առաջին օրուան մրցումներուն լիբանանեան պատուիրակութեան մաս կազմող մարզիկները արձանագրեցին գոհացուցիչ եւ տպաւորիչ արդիւնքներ:
Լիբանանի համար ոսկի մետալ մը ապահովեց Լիսա Ռաֆայէլ, արծաթ մետալ մը` Էլիսա Ժորժ, իսկ պրոնզ մետալ մը` Ինկրիտ Ասուատ:
Անոնք իրենց այս մետալներուն տիրացան կարճ դահուկարշաւի մրցումներուն:
 
			


