Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 22-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող եւ երկրի գործող ախոյեան Պարսելոնա իր դաշտին վրայ արձանագրեց 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը` Վալենսիայի հետ:
Հիւր կազմը յառաջացաւ 2-0 արդիւնքով` նշանակելով 2 կոլ, յաջորդաբար 24-րդ եւ 32-րդ (փենալթիով) վայրկեաններուն:
Սակայն Լիոնել Մեսսի եկաւ իր կազմը պարտութենէ մը փրկելու, երբ յաջողեցաւ տուպլէ մը իրագործել (39-րդ` փենալթիով եւ 64-րդ):
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Պարսա ունեցաւ 6 կէտի առաւելութիւն մը` 2-րդ դիրքին վրայ գտնուող Աթլեթիքօ Մատրիտի վրայ, որ պարտուեցաւ Ռէալ Պեթիսի դաշտին վրայ (1-0):



