Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Կրկնեց Իր Յաղթանակը Հուփսի Դէմ, Այս Անգամ Սակայն 16 Կէտի Տարբերութեամբ` 87-71 Արդիւնքով

February 1, 2019
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան  13-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ` հինգշաբթի, 31 յունուարին, Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ (Պաուշրիէ), Հուփս հիւրընկալեց Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ-ի կազմը:

Երկու կազմերուն միջեւ կատարուած երթի մրցումին, որ տեղի ունեցած էր, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, ՀՄԸՄ արձանագրած էր` 94-82 արդիւնքով յաղթանակ մը:

Կրկնելու համար երթին իր կատարածը եւ մնալու համար յառաջատարներուն շարքին, ՀՄԸՄ պէտք էր արձանագրէր իր 9-րդ յաղթանակը:

Այդպէս ալ պատահեցաւ եւ ՀՄԸՄ կրկնեց իր յաղթանակը, այս անգամ սակայն` 16 կէտի տարբերութեամբ, 87-71 արդիւնքով: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 16-27, 25-21, 15-21 եւ 15-18: Առաջին քորթըրին արդէն ՀՄԸՄ ունեցաւ 11 կէտի առաւելութիւն մը:

Իւրաքանչիւր անգամ, որ Հուփս կը մօտենար, ՀՄԸՄ կը փորձէր աւելի հեռանալ, մինչեւ վերջնական յաղթանակին արձանագրուիլը:

Այս պարտութիւնը Հուփսի համար եղաւ 7-րդը` արձանագրուած 5 յաղթանակներու կողքին: Իսկ 2 պարտութիւն կրած ՀՄԸՄ արձանագրեց իր 9-րդ յաղթանակը:

ՀՄԸՄ-ի  եւ մրցումին աստղը հանդիսացաւ` Մայք Էֆիպրա, որ իր կատարած 11 թրի-փոյնթերէն 7-ն հասցուց իրենց նպատակին: Ան ընդամէնը նշանակեց 28 կէտ:

Անոր խմբակից Ուոլթըր Հոճ, բաւական մօտ էր թրիփըլ-տապըլ մը իրագործելու, բայց բաւականացաւ տապըլ-տապըլով (21 կէտ, 10 էսիսթ, 9 ռիպաունտ):

Պէտք է ըսել, որ ՀՄԸՄ-ի սթիլները ունեցան իրենց կարեւոր դերը արձանագրուած այս յաղթանակին մէջ, 14 փոխան 5-ի:

Պարագան նոյնը եղաւ նաեւ` թըրն-օվըրներուն. ՀՄԸՄ` 11, Հուփս` 21:

Հուփսէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Իպրահիմա Թոմաս (23 կէտ, 13 ռիպաունտ), մինչ անոր խմբակից Ուիլի Ուորըն նշանակեց 18 կէտ:

Նշենք, որ Հուփսի վարչութիւնը ոչ մէկ արգելք հանդիսացաւ ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն դաշտ մուտքին, ինչ որ կը նկատուի բաւական քաջալերելի քայլ մը:

Լուսանկարը` PROFOTO-ին

Նախորդը

Դահուկարշաւ. Լիբանան Տիրացաւ 3 Մետալներու` Հայաստանի Մէջ

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (1 Փետրուար 2019)

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.