Կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան, հովանաւորութեամբ լիբանանեան դրամատան եւ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, ազդանշանը տրուեցաւ տղոց դրամատուներուն պասքեթպոլի 6-րդ մրցաշարքին, բացման պաշտօնական արարողութենէն ետք, որ ունեցաւ Շիահի մարզադաշտին վրայ:
Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն հետեւեալ տասը դրամատուները.
Լուպնան-Մահժար, Լիբանանեան դրամատուն, Ֆրանսապանք, Քրետի Լիպանէ, Սոսիեթէ-Ժեներալ, Մետիթերանէ, Լիբանանեան-ֆրանսական, Աուտէ, Սետրիւս եւ Լիբանանեան-զուիցերիական:
Պաշտօնական բացումին յաջորդած բացման մրցումին, Լիբանանեան դրամատունը 72-42 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Սետրիւսի դէմ:
Մրցաշարքին գործող ախոյեանն է Ֆրանսապանքը, որ նախորդ տարուան աւարտականին 69-61 արդիւնքով յաղթեց Քրետի Լիպանէին: