«Ճիպրալթար-Մասթըրզ» ճատրակի միջազգային մրցաշարքը վերջ գտաւ ռուս կրանտմասթըր Վլատիսլաւ Արթեմիեւի յաղթանակով: Ան առաւելագոյն 10 կէտէն ապահովեց 8,5 կէտ:
Անոր ետին 2-րդ դիրքը 8 կէտով գրաւեց հնդիկ Մուրալի Քարթիքեյան:
Հայաստանի ներկայացուցիչ Հրանդ Մելքումեան վերջին հանգրուանին սեւ քարերով հաւասարութիւն մը արձանագրելէ ետք չեխ Տաւիտ Նաւարայի հետ, 7 կէտով բաժնեց 6-22-րդ դիրքը: Լրացուցիչ ցուցանիշով ան հանդիսացաւ 20-րդ:
Իսկ նախորդ տարուան տիտղոսակիր Լեւոն Արոնեան չյաջողեցաւ պաշտպանել տիտղոսը եւ 6,5 կէտով բաժնեց 23-40-րդ դիրքը: Հայկական ճատրակի յառաջատարը լրացուցիչ ցուցանիշով հանդիսացաւ 24-րդ: