Իր մասնակցութիւնը բերելու համար փոքրերու դահուկարշաւի տարեկան ախոյեանութեան, երէկ լիբանանեան պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Անտորրա:
Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Միշել Շաքեր, իսկ մարզիկներն են` Քամալ Նուպար, Մեթիու Իտ, Ժուան Հըպէյշ, Մուսթաֆա Մունլա, Օմար Զէյտան, Սոֆի Քալլաս, Մանուն Շատ, Թալա Սըմահա, Մարիա Ապու Ժաուտէ եւ Թամարա Խալաֆ:
Անոնց ընկերակցող մարզիչներն են` Մարթին Շթիրպա եւ Եան Ֆրիք:



