Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 20-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրի գործող ախոյեան Պայէրն Միւնիխ կրեց տարեշրջանի իր չորրորդ պարտութիւնը` Պայէր Լեւերքուզընէն (3-1), եւ երկրորդ դիրքէն նահանջեց երրորդ դիրք:
Անիկա իր դիրքը զիջեցաւ Մէօնշընկլատպախին, որ 2-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Շալքէի դաշտէն:
Պորուսիա Տորթմունտ Այնթրախթ Ֆրանքֆորթի դաշտին վրայ արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը: Մարքօ Ռէօս նշանակեց Տորթմունտի կոլը (22-րդ):
Տորթմունտ, որ այժմ ունի 49 կէտ, եօթը կէտով կը գերազանցէ Մէօնշընկլատպախը եւ Պայէրն Միւնիխը:



