Մարզական

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` Ահլի Սայտա – ՀՄԸՄ

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանի բացման ծիրին մէջ, երէկ Պհամտունի դաշտին վրայ իրարու դէմ ճակատեցան Նասեր Պար Էլիաս եւ Շապապ Արապի: Մրցումը աւարտեցաւ Նասեր Պար Էլիասի յաղթանակով` 2-0 արդիւնքով: ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը իր մրցումը կը կատարէ այսօր` երբ յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին հիւրը կ՛ըլլայ Ահլի Սայտայի: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ Սուրի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ: Ինչպէս ծանօթ է, թէեւ...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Թեթեւ Ճակատումներու Շաբաթավերջ Մը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Թեթեւ Ճակատումներու Շաբաթավերջ Մը

Այս շաբաթավերջին եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ կատարուելիք մրցումները ընդհանրապէս պիտի ըլլան թեթեւ ճակատումներ: Սակայն պայքարը պիտի շարունակուի, վերին եւ վարին դիրքերը գրաւողներուն համար: Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ` խումբերուն գրաւած դիրքերը).

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով.  Անսար Հուարա, Ամալ Սալամ Զղարթա Եւ Նահտա Այն Պաալ Տուգանուեցան, Իսկ Անոնց Բոլոր Կէտերը Չեղեալ Նկատուեցան

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Անսար Հուարա, Ամալ Սալամ Զղարթա Եւ Նահտա Այն Պաալ Տուգանուեցան, Իսկ Անոնց Բոլոր Կէտերը Չեղեալ Նկատուեցան

Շաբաթասկիզբին Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը գումարեց ժողով մը, որուն ընթացքին իր կողմէ նշանակուած յանձնախումբին կողմէ մանրամասն տեղեկութիւններ ստանալէ ետք, ինչպէս նաեւ փաստելէ ետք, որ Գ. դասակարգին մաս կազմող երեք խումբեր` Անսար Հուարա, Ամալ Սալամ Զղարթա եւ Նահտա Այն Պաալ կարգ մը մրցումներ «ծախած» կամ «գնած» են, որոշուեցաւ, որ երեքին ապահոված բոլոր կէտերը չեղեալ նկատուին: Անոնք տուգանուեցան եօթը միլիոն հինգ հարիւր հազար...

«Էն. Պի. Էյ.» Ուեսթպրուք Բարելաւեց Իր Հաստատած Մրցանիշը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան երեք ճակատումներ: (Photo by Layne Murdoch Jr./NBAE via Getty Images) Օքլահոմա Սիթի, որ հիւրը եղաւ Նիւ Օրլինզին, 131-122 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց, հակառակ անոր որ Սիթիէն Ռասըլ Ուեսթպրուք իրագործեց իր հերթական թրիփըլ-տապըլը (44-14 ռիպաունտ, 11 էսիսթ): Այսպիսով, Ուեսթպրուք յաջողեցաւ բարելաւել «Էն. Պի. Էյ.»-ի իր իսկ հաստատած մրցանիշը, յաջորդաբար 11 մրցումի ընթացքին...

Աքրամ Հալապի Հանրապետութեան Նախագահը Հրաւիրեց Լիբանան – Հարաւային Քորէա Պասքեթպոլի Մրցումին

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի յատուկ հրաւէր մը ուղղեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, որպէսզի ան ներկայ գտնուի յառաջիկայ 24 փետրուարին տեղի ունենալիք Լիբանան - Հարաւային Քորէա պասքեթպոլի մրցումին, որ կ՛իյնայ աշխարհի պասքեթպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին նախավերջին հանգրուանին ծիրին մէջ: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Նուհատ Նաուֆալ մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ), պիտի սկսի ժամը 16:30-ին: Հալապի յոյս յայտնեց,...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Շարունակեց Մնալ Անպարտելի` 62-48 Արդիւնքով Յաղթելէ Ետք Ռիատիի

  Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի վերջին հանգրուանին երէկ կատարած մրցումին Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ մրցեցաւ Ռիատի Պէյրութի դէմ, շարունակեց մնալ անպարտելի միակ խումբը, երբ արձանագրեց տարեշրջանի իր 14-րդ յաղթանակը` 62-48 արդիւնքով (17-13, 13-8, 14-7 եւ 18-20): Այսպիսով, ախոյեանութեան մասնակցող բոլոր խումբերն ալ ՀՄԸՄ-էն պարտուեցան երկու անգամ (երթուդարձ): «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին...

«Եւրոպայի Լիկա». Այսօր` Պաթէ Պորիսով – Արսենալ

«Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-32-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր տեղի կ՛ունենան երթի 15 ճակատումներ: Ինչպէս ծանօթ է, նախապէս խմբակներու դրութեամբ կատարուող այս մրցաշարքը այժմ կը շարունակուի նաք-աութի դրութեամբ, եւ դարձի մրցումներէն ետք անոր մասնակցող խումբերուն թիւը կը նուազի ճիշդ կէսի: Լոնտոնեան Արսենալը, որուն մաս կը կազմէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, այսօր հիւրը պիտի ըլլայ Պաթէ Պորիսովի (Պիելոռուսիա):...

Պասքեթպոլ. Լիբանանի 18 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութեան Վիճակաձգութիւն

PROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի 18 տարեկանէն վար տղոց ախոյեանութեան վիճակաձգութիւնը, ներկայութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին անդամներուն, մասնակցող ակումբներուն ներկայացուցիչներուն եւ պատասխանատուներուն, ինչպէս նաեւ` մարզական լրագրողներու: Մասնակցող 45 խումբերը բաժնուեցան 11 խմբակներու: Նշենք, որ վերջերս տեղի ունեցան 10 եւ 12 տարեկանէն վար ախոյեանութեան մրցումները, որոնք մեծ տպաւորութիւն ունեցան հանդիսատեսներուն վրայ: Անոնց ընթացքին ի յայտ եկան բաւական լաւ...

Քասլիքի Ս. Հոգի Համալսարանի Խաղեր.  Պասքեթպոլի Եւ Ֆութպոլի Մրցումները Հասան Կիսաւարտական Հանգրուան

Քասլիքի Ս. Հոգի Համալսարանի Խաղեր. Պասքեթպոլի Եւ Ֆութպոլի Մրցումները Հասան Կիսաւարտական Հանգրուան

Կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան, յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով տեղի կ՛ունենան Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանին խաղերը` մասնակցութեամբ 25 վարժարաններու: Այս տարի ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի մրցումներուն վրայ եկան աւելնալու փինկ փոնկի եւ պետմինթընի մրցումները: Պասքեթպոլի եւ ֆութպոլի մրցումները արդէն իսկ հասան կիսաւարտական հանգրուան: Քառորդ աւարտականին արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները. ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ.- Սաժես Հայ Սքուլ - Լուէյզի` 99-53, Ալպէյն Աքտասեն, Սիուֆի - Մար Եուսեֆ, Այնթուրա`...

Վոլիպոլ. Լիբանանի Ախոյեան Սփիտ-Պոլ Շեքքա Մեկնեցաւ Թունուզ

Թունուզի մէջ տեղի ունենալիք Արաբական ակումբներու վոլիպոլի 37-րդ ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերելու համար, Լիբանանի ախոյեան Սփիտ-Պոլ Շեքքա մեկնեցաւ մրցավայր: Այս ախոյեանութիւնը կ՛աւարտի 24 փետրուարին: Լիբանանեան խումբը, որ մաս կը կազմէ Գ. խմբակին, Ա. հանգրուանին իրեն մրցակից պիտի ունենայ Շաալէն (Եմէն), Սահարը (Օման) եւ Թըրժին (Թունուզ): Պատուիրակութեան նախագահն է ակումբի նախագահ Խալիլ Քֆուրի:    

Ժիւտօ. Ֆերտինանտ Կարապետեան Պարտուեցաւ Երեք Յաղթանակ Արձանագրելէ Ետք

Հայաստանի ներկայացուցիչներ Ֆերտինանտ Կարապետեան (73 քկ) եւ Արսէն Խանջեան (90 քկ) իրենց մասնակցութիւնը բերին Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ տեղի ունեցած ժիւտոյի կրան-փրի միջազգային վարկանշային մրցաշարքին: Կարապետեան երեք յաղթանակ արձանագրելէ ետք պարտութիւն կրեց եւ ապահովեց 260 կէտ, մինչ Խանջեան պարտուեցաւ առաջին հանգրուանին իսկ: Այս մասին յայտնեց Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը: Փարիզէն անոնք մեկնեցան Համպուրկ (Գերմանիա), ուր պիտի մասնակցին տասը...

«Սոսիեթէ Ժեներալ» Դրամատունը Եւ «Մասթըր-Քարտ» Գործակցութեան Համաձայնագիր Մը Կնքեցին Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնին Հետ

«Սոսիեթէ Ժեներալ» Դրամատունը Եւ «Մասթըր-Քարտ» Գործակցութեան Համաձայնագիր Մը Կնքեցին Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնին Հետ

Երէկ կէսօրին Պէյրութի «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ, մեծաթիւ հրաւիրեալներու ներկայութեան, «Սոսիեթէ Ժեներալ» դրամատունը եւ «Մասթըր-քարտ» գործակցութեան համաձայնագիր մը կնքեցին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին հետ: PROFOTO Համաձայնագիրի կնքումին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի եւ ֆետերասիոնի այլ անդամներ, «Սոսիեթէ Ժեներալ»-ի եւ «Մասթըր-քարտ»-ի ներկայացուցիչները, Ա. դասակարգի ակումբներուն նախագահներն ու պատասխանատուները, Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ազգային խումբը, մարզական լրագրողներ եւ յատուկ հրաւիրեալներ: Յայտարարուեցաւ, որ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` Ռիատի – ՀՄԸՄ Հինգերորդ Ճակատումը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ռիատի Պէյրութ

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան, դարձի 7-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 13 փետրուարին, տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս - Ռիատի Պէյրութ ճակատումը: Այս մրցումը, որուն ազդանշանը պիտի տրուի երեկոյեան ժամը 20:00-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի խուռներամ ուղղուիլ դաշտ` քաջալերելու համար իրենց կազմը, որ Լիբանանի գործող...

Ֆութսալ. Նահտա Շուէյֆաթ – ՀՄԸՄ Պէյրութ` 0-2

Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 9 փետրուարին, ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը բաւական կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ Շուէյֆաթի դաշտին վրայ իր կատարած մրցումին 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց հիւրընկալ կազմը` Նահտա Շուէյֆաթը (կիսախաղ` 0-0): ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Մհեր Սիւրմենեան (27-րդ) եւ Շանթ Պալեան (40-րդ): ՀՄԸՄ-ի կազմը այժմ կը գրաւէ դասաւորման 2-րդ դիրքը` կոլէվըրէյճի տարբերութեամբ ետ մնալով...

Դահուկարշաւ. Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Շուէտ

Երէկ` երեքշաբթի, 12 փետրուարին, Լիբանանի դահուկարշաւի մէկ պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Շուէտ` իր մասնակցութիւնը բերելու համար դահուկարշաւի աշխարհի ախոյեանութեան, որ պիտի աւարտի 18 փետրուարին: Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Ռեմոն Սուքքար, Լորա Նասսար նշանակուած է պատասխանատու, աղջիկներու խումբին նախագահն է Սելիմ Քէյրուզ, տղոց խումբինը` Եուսեֆ Շամել Խալիլ, մարզիչներն են` Ռոման Կարսան, Ֆրետերիք Իվ Պութա, իսկ մարզիկները` Ճեքի Շամուն, Քարլի Մարիա, Իսքանտար, Մանօ Օուէյս,...

Անթոնիօ Ֆլորես Նշանակուեցաւ Հայաստանի Ֆութպոլի Երիտասարդական Հաւաքականի Գլխաւոր Մարզիչ

Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը ներկայացուց Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականի նոր գլխաւոր մարզիչը` սպանացի Անթոնիօ Ֆլորեսը: Միացեալ մամլոյ ասուլիս մը տալով Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի առաջին փոխնախագահ, ընդհանուր քարտուղար Արմէն Մելիքբէկեան եւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի թեքնիք տնօրէն, սպանացի անուանի մարզիչ Խինես Մելենտես կատարեցին այս յայտարարութիւնը: Մելիքբէկեան ըսաւ, թէ շուրջ մէկ ամիս ետք ֆետերասիոնը պիտի յայտարարէ յառաջիկայի իր ծրագիրները:  

Անգլիացի Բերդապահ Կորտոն Պենքս Մահացաւ

Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին բերդապահ Կորտոն Պենքս, որ 1966-ին բարձրացուց աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան բաժակը, մահացաւ 81 տարեկան հասակին: «Տէյլի Մէյլ» յայտնեց, որ 2015-ին անոր մօտ ի յայտ եկած էր քաղցկեղ: Պենքս «IFFHS"-ի վարկածով 2-րդ դիրքը գրաւած էր 20-րդ դարու լաւագոյն բերդապահներու ցանկին մէջ` զիջելով միայն Լեւ Եաշինին: Իբրեւ արհեստավարժ ֆութպոլիստ, ան շուրջ 20 տարի (1958-էն 1977) տեսնուած է ֆութպոլի...

Փոլ Սքոլզ Գլխաւորեց Անգլիոյ Դ. Դասակարգի Ակումբը

Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Մանչեսթըր Եունայթըտի նախկին միջնապահ Փոլ Սքոլզ նշանակուեցաւ Օլտհեմ Աթլեթիքի գլխաւոր մարզիչ: Կողմերը կնքեցին կէս տարուան պայմանագրութիւն մը, յայտնեց ակումբին կայքը: 44 տարեկան անգլիացիին մանկութեան խումբը եղած է Օլտհեմը, որ ներկայիս մաս կը կազմէ Անգլիոյ Դ. դասակարգի ախոյեանութեան եւ կը գրաւէ դասաւորման 15-րդ դիրքը: Փոլ Սքոլզ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտեց 2013-ին:    

Չելսիի Մարզիչը Կրնայ Կորսնցնել Իր Պաշտօնը

Լոնտոնեան Չելսիի ֆութպոլի խումբի գլխաւոր մարզիչ Մաուրիցիօ Սարրի կրնայ կորսնցնել իր պաշտօնը: «Սփորթց-Մետիասեթ»-ի համաձայն, «Փրեմիեր լիկ»-ի 26-րդ հանգրուանին խումբին կրած բաւական ծանր պարտութիւնը` Մանչեսթըր Սիթիէն (6-0), եղաւ անմարսելի ակումբի սեփականատէր Ռոման Ապրամովիչի համար, որ կը մտածէ պաշտօնանկ ընել իտալացի մասնագէտը: Եթէ պատահի, որ Սարրի պաշտօնազրկուի, անոր փոխարէն ժամանակաւոր մարզիչ կրնայ նշանակուիլ (մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը) ակումբի մարզիչներու կազմին մէջ աշխատող...

«Էն. Պի. Էյ.» Ռասըլ Ուեսթպրուքի Պատմական Մրցանիշը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուած մրցումներուն, Օքլահոմա Սիթիին մաս կազմող Ռասըլ Ուեսթպրուք պատմական մրցանիշ մը հաստատեց «Էն. Պի. Էյ.»ի պատմութեան մէջ, այսպիսով կոտրելով Ուիլթ Չեմպըրլէյնի հաստատած մրցանիշը: Վերջինս 1967-1968 տարեշրջանին յաջորդաբար 9 մրցումի ընթացքին թրիփըլ-տապըլի հեղինակ դարձած էր: Ուեսթպրուք, որ քանի մը օր առաջ կրկնած էր Չեմպըրլէյնի մրցանիշը, երէկ Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզի դէմ արձանագրուած յաղթանակին (120-111),...

Page 735 of 1278 1 … 734 735 736 … 1,278

Արխիւներ