Մարզական

«Չեմփիընզ Լիկ». Մանչեսթըր Եունայթըտ Պարտուեցաւ Իր Դաշտին Վրայ

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան 2 ճակատումներ: Մանչեսթըր Եունայթըտ, որ հիւրընկալեց Փարիզ Սեն Ժերմենը, անկէ կրեց 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը: Անգլիական կազմէն Փոլ Փոկպա ստացաւ կարմիր քարտ մը (89-րդ): Ֆրանսական կազմը իր կոլերը նշանակեց 53-րդ եւ 60-րդ վայրկեաններուն: Ինչ կը վերաբերի երէկուան երկրորդ մրցումին, Ա. Էս. Ռոմա 2-1 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին`...

Փորթուգալի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Պենֆիքա – Նասիոնալ` 10-0

Փորթուգալի ֆութպոլի ախոյեանութեան 20-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Պենֆիքա, որ հիւրընկալեց Նասիոնալը, արձանագրեց 10-0 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակ մը: Վերջին անգամ Պենֆիքա այսպիսի արդիւնք մը արձանագրած էր 1964-ին: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Պենֆիքա, որ ապահովեց տարեշրջանի իր 50-րդ կէտը, այժմ մէկ կէտի տարբերութեամբ ետ կը մնայ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Փորթոյէն:

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Արձանագրեց Յաջորդական Իր Երկրորդ Յաղթանակը Եւ Բարձրացաւ Նախավերջին Դիրք

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանին մրցումներու ծիրին մէջ, շաբաթ, 9 փետրուարին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, որ Սաֆայի մարզադաշտին վրայ հիւրը եղաւ Շապապ Արապիին, արձանագրեց իր երկրորդ յաջորդական յաղթանակը` 2-0 արդիւնքով: ՀՄԸՄ-ի երկու անպատասխան կոլերը նշանակեցին Սերժ Չաքըրեան (3-րդ) եւ Վարդան Սարգիսեան (32-րդ): Այսպիսով, ՀՄԸՄ դարձի իր կատարած երրորդ մրցումին յաջողեցաւ առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովել 6 կէտ, որուն շնորհիւ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Արձանագրեց Իր 13-րդ Յաջորդական Յաղթանակը

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 6-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ «ՀԲԸՄ»-ի Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ) հիւրը եղաւ Անդրանիկ Պէյրութի, արձանագրեց իր 13-րդ յաջորդական յաղթանակը` 77-51 արդիւնքով պարտութեան մատնելով հիւրընկալ կազմը: Առաջին քորթըրին ՀՄԸՄ ունեցաւ 9 կէտի առաւելութիւն մը (16-7), մինչ Ա. կիսախաղը աւարտեց 4 կէտի գերակայութեամբ մը (31-27): Երրորդ քորթըրին...

Պասքեթպոլ. Տուպայի Միջազգային 30-րդ Մրցաշարք. Ռիատի Տիրացաւ Տիտղոսին` 88-80 Արդիւնքով Յաղթելէ Ետք Պէյրութի

Շաբաթ, 9 փետրուարին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ աւարտեցաւ Տուպայի պասքեթպոլի 30-րդ միջազգային մրցաշարքը` աւարտականի զուտ լիբանանեան մրցումով: Նշենք, որ աւարտականի այս մրցումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի: Մեծաթիւ լիբանանցի համակիրներու ներկայութեան, Ռիատի տիրացաւ տիտղոսին` 88-80 արդիւնքով (18-3, 22-20, 22-18 եւ 26-39): Առաջին քորթըրին Պէյրութ գրեթէ ոչինչ կրցաւ ընել. վերջին քորթըրին է, որ ան քիչ մը բարելաւեց իր խաղարկութիւնը,...

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Մանչեսթըր Եունայթըտ – Փարիզ Սեն Ժերմեն

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումները կը սկսին այսօր` երեքշաբթի, երբ կը կատարուին երկու ճակատումներ: Վաղը եւս պիտի կատարուին նոյնքան մրցումներ: Ինչպէս ծանօթ է, որ խմբակներու դրութեամբ կատարուող այս մրցաշարքը վերջ գտած է եւ անիկա կը շարունակուի նաք-աութի դրութեամբ: Ստորեւ կու տանք այսօրուան եւ վաղուան մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով). ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ Մանչեսթըր Եունայթըտ - Փարիզ Սեն Ժերմեն...

Պասքեթպոլ. Տուպայի Միջազգային Մրցաշարք.  Այսօր Զուտ Լիբանանեան Աւարտական` Պէյրութի Եւ Ռիատիի Միջեւ

Պասքեթպոլ. Տուպայի Միջազգային Մրցաշարք. Այսօր Զուտ Լիբանանեան Աւարտական` Պէյրութի Եւ Ռիատիի Միջեւ

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ տեղի ունեցող Տուպայի պասքեթպոլի 30-րդ միջազգային մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան կիսաւարտականի մրցումները: ՀՄԸՄ չկրցաւ ապահովել աւարտականի իր տոմսը, երբ 97-68 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Պէյրութէն: Աւարտական մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ այսօր, պիտի ըլլայ զուտ լիբանանեան, երբ Պէյրութ իր դէմ պիտի ունենայ Ռիատին: Վերջինս բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատումէ մը ետք իր կարգին հասաւ աւարտականին`...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` Շապապ Արապի – ՀՄԸՄ

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ` ուրբաթ, 8 փետրուարին տեղի ունեցան երկու ճակատումներ: Քֆարժոզի մէջ, Ահլի Նապաթիէ, որ հիւրընկալեց Նահտա Պար Էլիասը, արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Իսկ Սաֆայի դաշտին վրայ, Սաժես, որ հիւրընկալեց Ահլի Սայտան, կրեց 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը: Իսկ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, Սալամ Զղարթա - Ախա Ահլի Ալէյ մրցումը...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր Կը Սկսի Աղջկանց Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան 2018-2019 Տարեշրջանը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Անդրանիկ Պէյրութ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 6-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 9 փետրուարին, Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը մրցի Անդրանիկ Պէյրութի դէմ: Այս մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 16:00-ին, տեղի պիտի ունենայ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ, Նաքքաշ: ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը: Դարձի 7-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն, երեքշաբթի, 12...

Արեւմտեան Ասիոյ Պասքեթպոլի Ընտրութիւններ. Յորդանանցի Ալուան` Նախագահ. Լիբանանցի Թապեթ` Ընդհանուր Քարտուղար

Ներկայութեամբ Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Յակոբ Խաչերեանի, Պէյրութի մէջ տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնին համագումարը` Լիբանանի, Իրաքի, Սուրիոյ, Յորդանանի, Եմէնի, Պաղեստինի եւ Իրանի պասքեթպոլի ֆետերասիոններու ներկայացուցիչներուն: Յորդանանցի Մոհամետ Ալիան ընտրուեցաւ նախագահ, մինչ լիբանանցի Ժան Թապեթ պահեց ընդհանուր քարտուղարի իր պաշտօնը` յառաջիկայ չորս տարիներուն համար: Թապեթ վերջին վեց տարիներուն կը վարէ այս պաշտօնը` փոխարինելէ ետք Յակոբ Խաչերեանը, որ ընտրուեցաւ...

Ֆութսալ.  Պէյրութի Դրամատունը Տիրացաւ Լիբանանի Բաժակի Մրցաշարքի Տիտղոսին

Ֆութսալ. Այսօր` Նահտա Շուէյֆաթ – ՀՄԸՄ Պէյրութ

Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 9 փետրուարին, ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը կը մրցի Նահտա Շուէյֆաթի դէմ: Այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 17:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Շուէյֆաթի դաշտին վրայ: ՀՄԸՄ-ի մարզիկները իրենց ամէն կարելին պէտք է ընեն` աս կարեւոր մրցումին անպայման յաղթանակ արձանագրելու: Իսկ խումբին համակիրները խիտ շարքերով ուղղուելով դաշտ` պէտք է քաջալերեն իրենց կազմը:

Պասքեթպոլ. Լիբանանի Ֆետերասիոնը Կը Կազմակերպէ Մարզիչներու Միջազգային Դասընթացք

22-24 փետրուարին, կազմակերպութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին եւ գործակցութեամբ իտալացի միջազգային փորձառու մասնագէտ Ճիորճիօ Կոնտոլֆի, «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ) տեղի պիտի ունենայ մարզիչներու միջազգային դասընթացք: Ֆետերասիոնը յայտնեց, որ դասընթացքի մասնակցութեան սակ ճշդուած է հինգ հարիւր հազար լիբանանեան ոսկի: Անոր մասնակցիլ փափաքողները պէտք է իրենց անունները արձանագրեն` հեռաձայնելով ֆետերասիոնի կեդրոնատեղի: Այս դասընթացքը սկիզբ պիտի առնէ ուրբաթ, 22 փետրուարին, առաւօտեան ժամը...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը

- Այսօր` Աթլեթիքօ Մատրիտ - Ռէալ Մատրիտ - Վաղը` Մանչեսթըր Սիթի - Չելսի Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, պիտի կատարուին բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատումներ: Սպանիոյ մէջ, շաբթուան գագաթի ճակատումին, 2-րդ դիրքին վրայ գտնուող Աթլեթիքօ Մատրիտ պիտի հիւրընկալէ Ռէալ Մատրիտը (3-րդ): Այլ մրցումի մը ընթացքին, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պարսելոնա հիւրը պիտի ըլլայ Աթլեթիքօ Պիլպաոյին...

Մահացաւ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի Եւ «Ոսկիէ Գնդակ»-ի Հիմնադիրներէն Մէկը

99 տարեկան հասակին մահացաւ ֆրանսացի լրագրող Ժաք Ֆերան, երէկ յայտնեց Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան մամլոյ քարտուղարութիւնը: Ժաք Ֆերան Եւրոպայի ախոյեաններու բաժակի մրցաշարքի (այժմ` «Չեմփիընզ լիկ»)-ի եւ «ոսկիէ գնդակ»-ի մրցանակին հիմնադիրներէն մէկն է: Ան նաեւ երկար ժամանակ ֆրանսական հանրածանօթ «Լ՛Էքիփ» մարզական օրաթերթին գլխաւոր խմբագիրը եղած է:

«Էն. Պի. Էյ.».  Լէյքըրզ Պազըր-Պիթըրով Յաղթեց Սելթիքսին. Լեպրոն Ճէյմս Եւ Ռասըլ Ուեսթպրուք` Թրիփըլ Տապըլի Հեղինակներ

«Էն. Պի. Էյ.». Լէյքըրզ Պազըր-Պիթըրով Յաղթեց Սելթիքսին. Լեպրոն Ճէյմս Եւ Ռասըլ Ուեսթպրուք` Թրիփըլ Տապըլի Հեղինակներ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ իր դաշտէն դուրս կէտի մը տարբերութեամբ` 129-128 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Ռախոն Ռոնտոյի նշանակած պազըր-պիթըրը Պոսթըն Սելթիքսի դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին, Ռախոն Ռոնտօ կերտեց Լէյքըրզի յաղթանակը, երբ պազըր-պիթըրով նշանակեց իր կազմին յաղթանակի կողովը: Անոր խմբակից Լեպրոն Ճէյմս թրիփըլ-տապըլ մը իրագործեց (28 կէտ, 12 ռիպաունտ, 12...

Պասքեթպոլ. Տուպայի Միջազգային Մրցաշարք. ՀՄԸՄ Հաստատ Քայլերով Ապահովեց Կիսաւարտականի Իր Տոմսը, Ուր Այսօր Կը Մրցի Պէյրութի Դէմ

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ տեղի ունեցող Տուպայի պասքեթպոլի 30-րդ միջազգային մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան քառորդ աւարտականի չորս մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ յստակացան այսօր` ուրբաթ, 8 փետրուարին իրարու դէմ ճակատող կիսաւարտականի զոյգերը: Լիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ, որ մրցեցաւ մարոքեան Ժամհիեթ Սալայի դէմ, հաստատ քայլերով ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը, ուր այսօր, ժամը 16:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) կը մրցի Պէյրութի դէմ: Այս մրցումին...

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոն – «Սոսիեթէ Ժեներալ» – «Մասթըր Քարտ» Համագործակցութեան Կնքում

Երեքշաբթի, 12 փետրուարին, «Էօ տը վի» սրահին մէջ («Ֆենիսիս» պանդոկ, Պէյրութ) տեղի պիտի ունենայ համագործակցութեան համաձայնագիրի կնքում` Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, «Սոսիեթէ Ժեներալ» դրամատան եւ «Մասթըր քարտ»-ի միջեւ: Այս համագործակցութեան կնքումը տեղի պիտի ունենայ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին: Անոր ներկայ պիտի գտնուին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի, ֆետերասիոնէն այլ անդամներ, վերոնշեալ երկու գործընկերներուն պատասխանատուները, Ա. դասակարգի ակումբներու ներկայացուցիչները, Լիբանանի պասքեթպոլի...

Թենիս. «Տէյվիս Քափ». Լիբանանի Ա. Հանգրուանի Մրցակիցը` Ուզպեքիստան

Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ Ասիա - Ովկիանիա ցամաքամասին մէջ տեղի ունենալիք 2019-ի Ա. հանգրուանի թենիսի «Տէյվիս Քափ»-ի զտումի մրցաշարքին գծով Լիբանանի մրցակիցը պիտի ըլլայ Ուզպեքիստան (յառաջիկայ յուլիսին): Այս վիճակաձգութիւնը տեղի ունեցաւ Լոնտոնի մէջ գտնուող Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնի կեդրոնատեղիին մէջ: Եթէ Լիբանան յաջողի յաղթել իր հիւրին` պիտի ապահովէ աշխարհի բաժակի մրցաշարքի զտումի մրցումներուն իր տոմսը: Փաքիստանի մրցակիցը պիտի...

ՖԻՖԱ. Հայաստանի Հաւաքականին Դիրքը Մնաց Անփոփոխ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը երէկ հրապարակուած Ֆութպոլի միջազգային ֆետերասիոնին (ՖԻՖԱ) նոր դասաւորման մէջ մնաց իր նոյն դիրքին վրայ` 101-րդ: Նախորդ դասաւորումէն ետք Արմէն Գիւլբուդաղեանցի գլխաւորած խումբը որեւէ մրցում չկատարելով իր տրամադրութեան տակ ունեցաւ 1222 վարկանշային կէտ: Առաջին տասնեակին մէջ եւս փոփոխութիւններ չկատարուեցան: Պելճիքա կը մնայ առաջին, որուն կը յաջորդեն Ֆրանսա (2-րդ) եւ Պրազիլ (երրորդ): Եւրօ-2020-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին Հայաստանի...

Ճատրակ. 2019-ի Հայաստանի Հաւաքականին Կազմը

2018-ին Հայաստանի ճատրակի ախոյեան հանդիսացած Հայկ Մարտիրոսեան պահեց իր տեղը` Հայաստանի ճատրակի հաւաքականի կազմին մէջ: Հայաստանի հաւաքականի հինգերորդ անդամը որոշելու համար, Մարտիրոսեան, որ մրցեցաւ Ռոպերթ Յովհաննիսեանի դէմ, արձանագրեց 2,5-1,5 արդիւնքով յաղթանակ մը: Մարտիրոսեան յաղթանակի հասաւ երկրորդ մրցումին, իսկ մնացեալ ճակատումները աւարտեցան հաւասարութեամբ, յայտնեց Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնը: Այսպիով, 2019-ին Հայաստանի ճատրակի տղոց հաւաքականի կազմին մէջ հանդէս պիտի գան Լեւոն Արոնեան, Գաբրիէլ...

Page 736 of 1278 1 … 735 736 737 … 1,278

Արխիւներ