Հայաստանի ներկայացուցիչներ Ֆերտինանտ Կարապետեան (73 քկ) եւ Արսէն Խանջեան (90 քկ) իրենց մասնակցութիւնը բերին Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ տեղի ունեցած ժիւտոյի կրան-փրի միջազգային վարկանշային մրցաշարքին:
Կարապետեան երեք յաղթանակ արձանագրելէ ետք պարտութիւն կրեց եւ ապահովեց 260 կէտ, մինչ Խանջեան պարտուեցաւ առաջին հանգրուանին իսկ: Այս մասին յայտնեց Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը:
Փարիզէն անոնք մեկնեցան Համպուրկ (Գերմանիա), ուր պիտի մասնակցին տասը օրուան հաւաքի մը: Անոնք նաեւ իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Տիւսելտոլֆի մէջ 22 փետրուարին սկսելիք վարկանշային այլ մրցաշարքի մը եւ 25 փետրուարին պիտի վերադառնան Երեւան:
Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչը` Արմէն Նազարեան, կ՛ընկերակցի խումբին:



