«Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-32-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր տեղի կ՛ունենան երթի 15 ճակատումներ:
Ինչպէս ծանօթ է, նախապէս խմբակներու դրութեամբ կատարուող այս մրցաշարքը այժմ կը շարունակուի նաք-աութի դրութեամբ, եւ դարձի մրցումներէն ետք անոր մասնակցող խումբերուն թիւը կը նուազի ճիշդ կէսի:
Լոնտոնեան Արսենալը, որուն մաս կը կազմէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, այսօր հիւրը պիտի ըլլայ Պաթէ Պորիսովի (Պիելոռուսիա):
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ այս մրցումին իրաւարարները պիտի ըլլան Լեհաստանէն:
 
			


