
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի 18 տարեկանէն վար տղոց ախոյեանութեան վիճակաձգութիւնը, ներկայութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին անդամներուն, մասնակցող ակումբներուն ներկայացուցիչներուն եւ պատասխանատուներուն, ինչպէս նաեւ` մարզական լրագրողներու:
Մասնակցող 45 խումբերը բաժնուեցան 11 խմբակներու:
Նշենք, որ վերջերս տեղի ունեցան 10 եւ 12 տարեկանէն վար ախոյեանութեան մրցումները, որոնք մեծ տպաւորութիւն ունեցան հանդիսատեսներուն վրայ: Անոնց ընթացքին ի յայտ եկան բաւական լաւ տաղանդ ունեցողներ, որոնք ապագային կրնան աստղեր հանդիսանալ:
Ֆետերասիոնը յառաջիկային պիտի հրապարակէ մրցումներուն յայտագիրը:


