Երէկ կէսօրին Պէյրութի «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ, մեծաթիւ հրաւիրեալներու ներկայութեան, «Սոսիեթէ Ժեներալ» դրամատունը եւ «Մասթըր-քարտ» գործակցութեան համաձայնագիր մը կնքեցին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին հետ:

Համաձայնագիրի կնքումին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի եւ ֆետերասիոնի այլ անդամներ, «Սոսիեթէ Ժեներալ»-ի եւ «Մասթըր-քարտ»-ի ներկայացուցիչները, Ա. դասակարգի ակումբներուն նախագահներն ու պատասխանատուները, Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ազգային խումբը, մարզական լրագրողներ եւ յատուկ հրաւիրեալներ:
Յայտարարուեցաւ, որ անոնց զօրակցութիւնը ո՛չ միայն պիտի ըլլայ Լիբանանի տղոց ազգային խումբին, այլ նաեւ տարիքային խումբերուն ալ, որպէսզի կարելի ըլլայ ապագայի հաշուոյն նոր մարզիկներ պատրաստել:
Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին բոլոր խօսք առնողները յաջողութիւն մաղթեցին Լիբանանի ազգային խումբին, որ 22 եւ 24 փետրուարին յաջորդաբար պիտի ճակատի Ինտոնեզիոյ եւ Հարաւային Քորէայի դէմ, աշխարհի ախոյեանութեան զտումի վերջին երկու մրցումներուն գծով:
Մամլոյ ասուլիսի աւարտին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի հովանաւորներուն նուիրեց Լիբանանի ազգային խումբին շապիկներէն, որոնց վրայ գրուած էր իւրաքանչիւրին անունը:



