Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Անսար Հուարա, Ամալ Սալամ Զղարթա Եւ Նահտա Այն Պաալ Տուգանուեցան, Իսկ Անոնց Բոլոր Կէտերը Չեղեալ Նկատուեցան

February 16, 2019
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթասկիզբին Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը գումարեց ժողով մը, որուն ընթացքին իր կողմէ նշանակուած յանձնախումբին կողմէ մանրամասն տեղեկութիւններ ստանալէ ետք, ինչպէս նաեւ փաստելէ ետք, որ Գ. դասակարգին մաս կազմող երեք խումբեր` Անսար Հուարա, Ամալ Սալամ Զղարթա եւ Նահտա Այն Պաալ կարգ մը մրցումներ «ծախած» կամ «գնած» են, որոշուեցաւ, որ երեքին ապահոված բոլոր կէտերը չեղեալ նկատուին:

Անոնք տուգանուեցան եօթը միլիոն հինգ հարիւր հազար լիբանանեան ոսկիով: Եթէ անոնք այդ գումարը չվճարեն ֆետերասիոնին, որեւէ մրցում չեն կրնար կատարել:

Ֆետերասիոնը ըսաւ նաեւ, որ այդ գծով հետաքննութիւնները պիտի շարունակուին, եւ որ այլ մարզիկներն ու պատասխանատուները եւս հարցաքննութեան պիտի կանչուին:

Յառաջիկայ երեքշաբթի, 19 փետրուարին, ֆետերասիոնին կեդրոնին մէջ, ժամը 14:00-ին, տեղի պիտի ունենայ աղջկանց ֆութսալի ախոյեանութեան վիճակաձգութիւնը:

Բ. դասակարգին մաս կազմող Նասեր Պար Էլիաս իր դաշտին վրայ կատարելիք այս տարեշրջանին բոլոր մրցումները պիտի խաղայ առանց իր համակիրներուն, օտար դաշտերու վրայ` նկատի ունենալով, որ Իժթիմահիի հետ բաւական հարցեր եղան:

Ֆետերասիոնը ժամանակաւորապէս սառեցուց իր հրապարակելիք Գ. դասակարգէն Դ. դասակարգ փոխադրուելիք փլէյ-օֆի մրցումներուն յայտագիրը:

Յայտարարուեցաւ, որ Լիբանանի պիչ-ֆութպոլի ազգային խումբը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ յառաջիկայ 7-17 մարտին, Թայլենտի մէջ տեղի ունենալիք Ասիոյ ախոյեանութեան:

Լիբանանեան պատուիրակութիւնը պիտի գլխաւորէ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի անդամ, ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ Վահրամ Պարսումեան:

Ինչ կը վերաբերի վաւերացուած արդիւնքներուն կրտսերներու ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ ՀՄԸՄ 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Պըրժէն (Գ. խմբակ):

Նահտա Պար Էլիասի (Գ. դասակարգ) պատասխանատուներէն Հասան Մըքտատ, վեց ամիսով կախակայուեցաւ:

Չորսական մրցումուվ կախակայուեցան Ապտալլա Հարպ, Ահմետ Զըրին (Նասեր Պար Էլիաս) եւ Պասսամ Մարզուք (Իժթիմահի), իսկ երեք մրցումով` Այման Ռուպհա (Նահտա Պար Էլիաս):

Կրտսերներու ախոյեանութեան գծով երեքական մրցումով կախակայուեցան Նատեր Ապտելսամատ (Պէյրութ) եւ Նեպիհ Աթուէ (Սաֆա), իսկ Նահտա Պար Էլիաս ստացաւ հարիւր հազար լիբանանեան ոսկիի տուգանք մը:

Ստորեւ` շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.

Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 15-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ.

ՇԱԲԱԹ, 16 ՓԵՏՐՈՒԱՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Թրիփոլի – Ահտ 14:15 Զղարթա
Սաֆա – Շապապ Ղազիէ 14:15 Պհամտուն
Շապապ Սահել – Նըժմէ 16:00 Ժունիէ
ԿԻՐԱԿԻ, 17 ՓԵՏՐՈՒԱՐ
Ախա Ահլի Ալէյ – Պեքաա Ռիատա 13:30 Պհամտուն
Ռասինկ – Թատամոն Սուր 16:00 Ժունիէ

Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 15-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ.

ՇԱԲԱԹ, 16 ՓԵՏՐՈՒԱՐ
Ահլի Սայտա – ՀՄԸՄ 14:15 Սուր
Մապարրա – Պըրժ 14:15 Սաֆա
ԿԻՐԱԿԻ, 17 ՓԵՏՐՈՒԱՐ
Նահտա Պար Էլիաս – Սաժես 13:30 Խիարա
Շապապ Պըրժ – Ահլի Նապաթիէ 14:15 Ահտ
Իսլահ Պըրժ Շիմալի – Իժթիմահի 14:15 Սուր

ԿՐՏՍԵՐՆԵՐ. 7-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ.

ԿԻՐԱԿԻ, 17 ՓԵՏՐՈՒԱՐ
Պըրժ – ՀՄԸՄ 14:15 Շարք
Նախորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Ուեսթպրուք Բարելաւեց Իր Հաստատած Մրցանիշը

Յաջորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Թեթեւ Ճակատումներու Շաբաթավերջ Մը

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.