Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան, դարձի 7-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 13 փետրուարին, տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ռիատի Պէյրութ ճակատումը:
Այս մրցումը, որուն ազդանշանը պիտի տրուի երեկոյեան ժամը 20:00-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի խուռներամ ուղղուիլ դաշտ` քաջալերելու համար իրենց կազմը, որ Լիբանանի գործող ախոյեանն է, արձանագրած է 13 յաղթանակ եւ ցարդ իր կատարած մրցումներուն պարտութիւն չէ կրած:
Իսկ ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկներէն կ՛ակնկալուի յաղթանակ մը եւս արձանագրել այսօր` երթուդարձի մրցումները աւարտելու համար պարագլուխի դիրքին վրայ:
Այսօր բոլորիս ժամադրավայրը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրն է:
 
			

